Արխիւ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի գեղարուեստից աշխատանոցին կողմէ երէկ կեանքի կոչուեցաւ թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, դպրոցի գեղարուեստի աշխատանոցի սաները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք:
Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի տասնամեայ ծառայութենէն վերջ իրեն կը յաջորդէ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Սուրբ Երկիր:
Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին ուխտաւորներուն վրայ:
Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ծանօթացուեցաւ Տենի Ատլէր Թոփուզօղլուի առաջին գիրքը, որ կը բաղկանայ բանաստեղծութիւններէ։ «Քիւլտէն Նեշէթ» կը կոչուի այս գիրքը, զոր լոյս ընծայած է «Հայալ» հրատարակչութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան գրասէրներ, ինչպէս նաեւ հեղինակին ընտանիքն ու բարեկամները։
Քաղաքիս Ֆրանսական կաճառին նախաձեռնութեամբ «Մետաքսի ճանապարհի պատմութիւն»:
Երաժիշտ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեանի գլխաւորութեամբ ֆրանսախօս փոքրիկներ երգեցին «Կաքաւիկ»ը:
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքին մէջ 1968 թուականէն ի վեր գործող հայկական ճաշարանը՝ «Արմինիըն թավերնա», վերջին շրջանին դարձաւ անգլիական մամուլին ուշադրութեան առանցքը՝ շնորհիւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի:
Թուրք զինեալ ուժերէն հինգ զինուորներ երէկ նահատակուեցան Սուրիոյ մէջ։ Բանակը թափով յառաջ կը տանի «Եփրատի վահան» գործողութիւնները, որոնք ներկայիս կեդրոնացած են Էլ Պապ քաղաքին վրայ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս աղօթք:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան նախագահեց միջեկեղեցական եօթներորդ հանդիսաւոր ժամերգութեան:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Հակլընտի յայտարարութիւնները:
«Որեւէ բռնութեան պատահար պարզապէս կը յետաձգէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կարգաւորումը»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատարներէն Մարալ Չափան-Ադաման վերջերս թողարկած է նոր սկաւառակ մը, որ կը կոչուի «Երազ»։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր երգարուեստի նուիրեալներէն Մարալ Ադամանն ու Պարթեւ Կարեանը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու անակնկալ հիւր մը։ Իսկապէս հաճելի անակնկալ մըն էր այս մէկը։ Այսպէս, մեր այցելութեան փութաց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Քամիար Ճարահզատէ, որ քաղաքս եկած է աշխատանքի համար։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոյն տանիքին տակ քանի մը օրեր եւ գիշերներ միասին անցընելու համար, էրիկ կնիկ, ամերիկաբնակ եւ ներկայիս հայրենիք հաստատուած հին բարեկամի մը կողմէ, Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամբողջ ճամբու ընթացքին, անհատնում հարցումներովս զինք գրեթէ յոգնեցուցած էի: Կը զգայի այդ մէկը: Բայց ձեռքս չէր: Անմեղ հետաքրքրութիւն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա, գոնէ մեզի՝ հայերուս համար, պիտի մնայ խոստմնադրուժ այլ նախագահ մը, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին խոստացաւ ճանչնալ հայոց հարցը, սակայն նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, իր նախորդներուն նման…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Խօսքը կը թռի, բայց գիրը կը մնայ»։
Լատին փիլիսոփայութիւնը կը հաւատար (եւ արժանաւոր ձեւով), թէ գիրը՝ իր տպագիր ձեւին մէջ է որ կը մնայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն Լիբանանի հանրութեան համար կարեւոր օրակարգ կը դառնար Պէյրութի օդակայանին անվտանգութեան հարցը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տնօրհնէք» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն առթիւ, քահանայ հայրերու՝ տուները օրհնելը։
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամ»ի (COAF) տարեկան դրամահաւաք-երեկոյթին աշխարհահռչակ դերասան, օսքարակիր Լէոնարտօ Տի Քափրիոյի կողմէ նուիրուած 65 հազար տոլարը պիտի ծառայէ Լոռիի մարզին մէջ նոր եւ աշխարհի մէջ եզակի Սմարթ կեդրոնի ստեղծման:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարելով հետեւողականօրէն։ Բանակը միջոցէ մը ի վեր պաշարած է Էլ Պապ քաղաքը, որ Սուրիայէ ներս ռազմավարական կէտ մը կը համարուի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփ այսօր պաշտօնապէս կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ Պարաք Օպամային, որ անցեալ շուրջ ութ տարիներուն երկու շրջան ղեկավարեց ներկայ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնը։
Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ կը բանակցի դարձեալ սպառազինութիւններ ապահովելու համար:
Մոսկուա միեւնոյն ժամանակ կը ծրագրէ ռատիօտեղորոշիչ արդի կայան մը հաստատել Հայաստանի մէջ:
