Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հան­րա­կառք բարձ­րա­ցայ ու ա­հա տուն կ՚եր­թամ: Լաւ է ա­զատ տեղ մը կայ, կը նստիմ գո­նէ, թէեւ այդ­քան ալ հե­ռու չէ տունս, բայց կար­ծես յոգ­նե­ցայ ոտ­քի կե­նա­լէն, այս­պէս խոր­հե­լով, ժպտե­լով, գո­հա­ցած ու ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րէն յա­գե­ցած նստայ հան­րա­կառ­քի ա­զատ նստա­րա­նին վրայ: Բայց ա­հա, չար սա­տա­նան կար­ծես իր գոր­ծը պի­տի տես­նէ, զիս ժպտուն տես­նել չի սի­րեր կ­­՚ե­րե­ւի. կողքս նստած մի­ջին տա­րի­քի տղա­մարդ մը, ձեռ­քիս ծաղ­կեպ­սակն ու փուն­ջը տես­նե­լով կը հարց­նէ.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ամ­բողջ մարդ­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ միա՛յն մէ­կու մը անձ­նուի­րու­թեան՝ որ իր կեան­քը զո­հած է բո­լոր մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ար­դա­րեւ, Յի­սուս իր կեան­քը զո­հեց հա­մայն մարդ­կու­թեան փրկու­թեա­նը հա­մար, հա­մայն մարդ­կա­յին ցե­ղին հա­մար՝ խա­չին վրայ, որ ա­պա ե­ղաւ մարդ­կու­թեան փառ­քը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի առ­թիւ խրախ­ճանք­ներ կազ­մա­կեր­պեց իր ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիի մար­զաս­րա­հին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:
Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ սի­րով կը դի­մա­ւո­րէր իր Զատ­կի հիւ­րե­րը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Դպրո­ցի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էին ու­սուց­չու­հի­ներ Թա­նիա Չա­թաք, Տի­լա­րա Սա­րը­քա­յա եւ Ար­զու Քար­կը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը արձագանգեց ընտրեալ-տեղապահի վերջին նամակին՝ մեկնաբանելով մանրամասնութիւնները:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի խօսքերով, իր պաշտօնէ չհրաժարելու յամառութեան վերաբերեալ պնդումները կը նկատուին լրջութեան պակաս:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ հա­մա­խո­հա­կան նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա­ջին դիր­քի վրայ դուրս ե­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը թէեւ ու­նի անհ­րա­ժեշտ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նէն ներս, սա­կայն մտա­դիր է հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

«Սու­րիոյ զար­գա­ցում­նե­րը տե­ղի չեն տար հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը», նման յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ վաս­տա­կա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ Ար­ման Նա­ւա­սար­դեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դես­պան Նա­ւա­սար­դեան հա­մո­զուած է, որ հե­տա­գա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

ԵԱՀԿ-ի կող­մէ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի զե­կոյ­ցը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Այս առ­թիւ շեշ­տուե­ցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շա­րու­նա­կէ ձգտիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ ու տե­ւա­կան կար­գա­ւոր­ման։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Արեւելեան գործընկերութեան եւ Վիշեկրատեան քառեակի նախարարներուն ժողովը:
Նալպանտեան խօսեցաւ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ զարգացման խթանման շուրջ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ընտրեալ-տեղապահը այսօր կը վերադառնայ Մարսէյլէն ու կը մասնակցի Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

​Բան­կալ­թիի խաչ­մե­րու­կին վրայ ներ­կա­յիս բա­ցուած է նոր ճա­շա­րան մը, որ կը կո­չուի «Փա­շա տէօ­նէր»։ Շատ բա­նուկ կէ­տի մը վրայ բա­ցուած այս ճա­շա­րա­նին սե­փա­կա­նա­տէ­րերն են՝ Տա­րօն Թո­րոս, Սե­ւան Սել­վի­լէր եւ Սե­լա­հատ­տին Չա­լըշ­քան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Ե­րէկ, Տիար­պա­քը­րի մէջ պա­տա­հե­ցաւ սաս­տիկ պայ­թում մը։ Քա­ղա­քի Անվտան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան յա­ւե­լեալ ծա­ռա­յու­թեան շէն­քին մէջ պա­տա­հե­ցաւ այս պայ­թու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ե­րեք ոս­տի­կան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը նախ հա­ղոր­դե­ցին, որ այդ պայ­թու­մը պա­տա­հած էր՝ զրա­հա­պատ ինք­նա­շար­ժի մը նո­րո­գու­թեան ըն­թաց­քին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկսած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մի­ջեւ։ ՀՅԴ­-ի խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան ե­րէկ խորհր­դա­րա­նին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նեց, որ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն մը կազ­մե­լու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Միխէյիլ Ճանելիծէն:
Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած են շօշափելի զարգացումներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց քա­ղա­քիս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Շիշ­լիի «Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, որ ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Սի­րե­լի­ներ,
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մե­րազն ժո­ղո­վուր­դին, 3 Ապ­րիլ 2017-ին Իս­թան­պու­լի Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք Բարձշ. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին հետ, ո­րուն մա­սամբ ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Պրն. Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​«Ուղ­ղամ­տու­թիւն» ա­հա­ւա­սիկ մո­գա­կան, հմա­յիչ բառ մը, որ շա­տեր կը սե­փա­կանց­նեն, ի­րենց կը վե­րագ­րեն զայն։ Ո­մանք ալ, դժբախ­տա­բար, հեգ­նա­կան քմծի­ծա­ղով մը կը դի­մա­ւո­րեն ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը եւ զայն կը նոյ­նաց­նեն ան­ճա­րա­կու­թեան հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­ցին ճատ­րա­կի մէջ։ Այս­պէս, դպրո­ցի խում­բը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ «Տար­րիւ­շա­ֆա­քա» կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ վեր­ջերս կազ­մա­կերպուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի հան­դէս մը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս նա­խակր­թա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը։

Էջեր