Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ֆրան­սա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ մեծ խումբ մը։ Մար­սէյ­լի Հա­մազ­գա­յի­նի վար­ժա­րա­նէն եւ Փա­րի­զի Դպրո­ցա­սէր վար­ժա­րա­նէն շուրջ 45 ա­շա­կերտ­ներ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կան շրջա­նին ստա­ցան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ե­րէկ բո­վան­դակ Թուր­քիա մեծ ցաւ ապ­րե­ցաւ Թուն­ճե­լիէն հա­սած լու­րե­րով։ Հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­ներ փո­խադ­րող ոս­տի­կա­նա­կան ուղ­ղա­թիռ մը ան­կում ու­նե­ցաւ՝ ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կի հե­տե­ւան­քով։ Լեռ­նա­յին հա­տուա­ծէ մը ներս պա­տա­հե­ցաւ ար­կա­ծը, ո­րու հե­տե­ւան­քով տաս­ներ­կու հո­գի նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ոչ ոք իր մօր ո­րո­վայ­նէն տգէտ, գի­տուն կամ ի­մաս­տուն դուրս ե­լած է։ «Մերկ ե­կած ենք եւ մերկ ալ պի­տի եր­թանք», ինչ­պէս պի­տի ը­սէր համ­բե­րա­տա­րու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը՝ Յոբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին տօնական շրջանի եւ հանրաքուէի աւարտին միշտ կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով առկայ ծանր խնդիրներն ու լուծման հեռանկարները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին մար­մի­նը իր գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար պա­հանջ­քը կը զգայ սնուն­դի եւ այս պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար, երկ­րա­ւոր-նիւ­թա­կան սնունդ կը փնտռէ երկ­րի վրայ, քա­նի որ մար­մի­նը երկ­րա­յին է եւ ան­շո՛ւշտ որ երկ­րա­յին սնուն­դով պի­տի սնա­նի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին մօտ կը կա­տա­րուին բազ­մա­թիւ բո­ղոք-դի­մում­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Լաթ­վիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­դա­րեան հայ հո­գե­ւո­րա­կան, բա­նաս­տեղծ, փի­լի­սո­փայ, տա­ղեր­գու Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» գիր­քի լա­թի­շե­րէն տար­բե­րա­կի շնոր­հան­դէ­սը: Գիր­քը թարգ­մա­նած է լաթ­վիա­ցի հա­յա­գէտ Վալ­տա Սալ­մի­նա:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը մտա­դիր է փո­խադ­րա­մի­ջանցք մը ստեղ­ծել Պար­սից ծո­ցի եւ Սեւ ծո­վու մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Ըստ Սարգսեանի, Հայաստան պիտի շարունակէ կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Չար­լի Փա­փա­զեան գրե­թէ ա­մէն ինչ գի­տէ տնա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ գա­րե­ջուր պատ­րաս­տե­լու մա­սին: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ սիրուած խմիչ­քին ա­մե­րի­կա­ցի գի­տա­կը այս գոր­ծին նուի­րած է իր ամ­բողջ կեան­քը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՀԱՊԿ-էն ներս վերջապէս ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացաւ երկար սպասողական շրջանէ մը վերջ:
Մայիսի 2-էն սկսեալ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եուրի Խաչատուրով՝ որպէս Հայաստանի ներկայացուցիչ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շահեկան դասախօսութիւն մը Պէյրութի մէջ:
Ճարտարապետ Րաֆֆի Կերճեան խօսեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ» նիւթին շուրջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
Թուրքիոյ մէջ յառաջիկային եւս երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քա­նի մը օր ետք գա­րու­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ իր լիի­րաւ ի­րա­ւունք­նե­րուն կը տի­րա­պե­տէ: Ար­դէն ա­ռա­ւօ­տուն քա­ղա­քին մէջ քեզ ա­ռա­ջին ող­ջու­նող­նե­րը կ­­՚ըլ­լան ծաղ­կած ծա­ռե­րը, ո­րոնք ճեր­մակ ծա­ղիկ­նե­րով կ՚ա­ւե­տեն գար­նան գա­լուս­տը, իսկ ա­նոնց­մով հիա­ցող­նե­րը եւ ա­ռատ բեր­քին սպա­սող­նե­րը կ՚ա­ղօ­թեն, որ խիստ ցրտա­հա­րու­թիւն մը չըլ­լայ եւ գար­նան բերքն ու բա­րի­քը ա­ռատ ըլ­լան ամ­րան ա­միս­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն եր­կու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեանն ու Քէյ Քէս­թէ­կը։ Գալ­ֆաեա­նը ներ­կա­յիս թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կը եւ այս յո­բե­լեա­նը նշե­լու հա­մար կազ­մուած է կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՅՈՒ­ՇԻԿ ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ 

Ես քե­սապ­ցի եմ:
Գի­տէ՞ք՝ ինչ կը նշա­նա­կէ քե­սապ­ցի ըլ­լալ… Վստա­հա­բար ա­ւե­լի նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, քան՝ խնձո­րի պար­տէզ ու­նե­նա­լը, ա­մառ­նե­րը Քե­սապ ան­ցը­նե­լը, քա­նի մը բառ քեսպ­նօք ջար­դե­լը, կամ քե­սապ­ցի­նե­րուն կէ­սը ազ­գա­կան­ներդ ըլ­լա­լը (միւս կէսն ալ՝ խնա­մի­ներ): Այս բո­լո­րէն շա՜տ, շա՛տ ա­ւե­լի…

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

- «Մենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը»
Ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ժա­մեր անց Քի­րիլ­լոս Պա­հիժ ա­նու­նով ղըպ­տի քա­ղա­քա­ցին իր ըն­կեր­նե­րուն հետ շի­րիմ­ներ կը փո­րէր Թան­թա քա­ղա­քի «Մար Ժըր­ժէոս» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ զո­հուած­նե­րը թա­ղե­լու հա­մար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Մարդ էա­կը ու­նի եր­կու ե­րե­սակ­ներ՝ ան, նախ «ան­հատ» մըն է, յե­տոյ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէկ «ան­դամ»ը։ Ար­դա­րեւ այս եր­կու ե­րե­սակ­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է որ կը կազ­մէ մար­դը ամ­բող­ջու­թեամբ։ Մար­դուն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի, ո՛չ մէկ բան օ­տար է որ մարդ­կա­յին է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈ­ՅԵԱՆ

Անց­եալ տա­րի, անգ­լե­րէն լեզ­ուի գիր­քիս մէջ հան­դի­պած էի նա­խա­դա­սու­թեան մը: Հար­ցազ­րոյց մըն էր հան­րա­յայտ եր­գի­չի մը հետ, ո­րուն հա­ղոր­դա­վա­րը կը հարց­նէր. «Ի՞նչ է ա­մե­նա­մեծ հարցդ» եւ պա­տաս­խա­նը կ՚ըլ­լար «Օ­րը 24 ժամ է իսկ ես 36-ի պէտք ու­նիմ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, հինգ տա­ղա­ւար­նե­րու յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թի օ­րե­րը կը կո­չուին մե­ռե­լոց, այ­սինքն՝ մեր հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կը հա­ւա­քա­կան կեր­պով յար­գե­լու սահ­մա­նուած յա­տուկ օ­րեր: Տա­րուան 365 օ­րե­րու հեւ­քոտ ըն­թաց­քը մեր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, երբ յա­ճախ ապ­րող­ներս ալ զի­րար ալ կը մոռ­նանք, կը տես­նենք, որ մեր հայ­րե­րու կար­գադ­րու­թիւ­նը որ­քա՜ն ի­մաս­տուն է:

Էջեր