Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2017 թուաանի Յունիս ամսուն, աւելի քան կէս միլիոն հաշուող ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան մէջ նոր եւ ընդարձակ էջ մը բացուեցաւ…
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։
Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրով, Պատրիարքարանի երդիքին տակ կը համախմբուին համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները։
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչը երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Քրիստիան Վիկենին. «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները կը շարունակեն մարդկային բարձր եւ անհանդուրժելի գին ունենալ»:
Երեւանի Պետական համալսարանի դահլիճի երդիքին տակ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիրը ունի երեք հարիւր յիսուն մասնակից:
Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ փայլուն արարողութիւններ:
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի հաստատման երրորդ դարադարձը նշուեցաւ սաներու կողմէ:
Էրտողան շաբաթավերջին Համպուրկի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թրամփի եւ Փութինի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շոյկույի հետ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Խոստումը» ժապաւէնը կրցայ դիտել 8 Մայիսին, Պէյրութ: Մէկ կողմէ ապրեցայ յուզում, բայց նաեւ՝ հպարտութիւն: Յուզումը՝ Եղեռնի ահաւորութեան, որ անգամ մը եւս գծուեցաւ մտքիս ու հոգիիս մէջ՝ իբրեւ ապրող իրականութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յանուն արդար լրագրութեան, Հայաստանեայց Եկեղեցին յուզող ընդհանուր խնդիրներուն մասին գրելը վերջերս դարձած է «մօտայիք բնոյթ» ունեցող վարժութիւն մը: Բոլորը կ՚ուզեն մեր եկեղեցւոյ հարցերուն մասին գրել, շատ յաճախ սխալ տեղեկութիւններ տալով, իրականութիւնները շեղելով եւ աջ ու ահեակ մեր կրօնական առաջնորդներուն մասին տեղի-անտեղի վերագրումներ կատարելով:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը փայլուն անցաւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատրիարքարանի հրատարակութիւններու շարքին, այս անգամ լոյս տեսած է Շնորհք Պատրիարքի «Եօթը Պատգամներ Եօթը Եկեղեցիներու» գիրքը՝ Մայիս 2017 թուականով։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (ՊՈԱԿ) տնօրէնի պաշտօնը շուրջ չորս ամիս առաջ ստանձնած Արա Թարվերտեան կ՚առաջնորդուի մեր հարուստ ժառանգութիւնը ոչ թէ «խաւարի մէջ թաղելու», այլ զայն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ ներկայացնելու սկըզ-բունքով:
Հայաստանի ու Արցախի կանայք 8 հազար տարուան մէջ ծննդականօրէն գրեթէ չեն փոխուա։ Դանիացի, հայ, ռուս ու բրիտանացի գիտնականներէ կազմուած խումբ մը պարզած է, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կանայք վերջին 8 հազար տարուան մէջ ծննդական տեսանկիւնէ (genetically) գրեթէ չեն փոխուած:
«Սուրիահայերը կ՚ապաստանին իրենց նախնիներու հայրենիքը» գրած է The economist պարբերականը։
Քաղաքապետարանի կողմէ քաջալերուած ծրագրի բացման փուլին համերգ մը սարքեց Մարթէն Եորկանց:
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ մանուկներու ուղղեալ տիկնիկներու չորրորդ փառատօնը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն:
Հայաստանի մէջ «Փրոֆփանէլ» ընկերութիւնը սկսաւ առաջին անգամ արտադրել արեւային վահանակներ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան գործարան այցելելով ծանօթացաւ SolarOn ապրանքանիշով ծաւալուած գործունէութեան:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան տեւողութեան:
«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան որեւէ վերջնական համաձայնութեան հասնիլ կարելի պիտի չըլլայ»:
Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւոր հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանէն արաբագէտ Դաւիթ Յովհաննիսեանի կարծիքով՝ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ ապրող հայերը ներկայիս նոյնպէս վտանգուած են:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Թերարժէքութեան բարդոյթը հոգեկան «բարդութաւորուած» ախտ մըն է, որուն ծալքերը սկիզբ կ՚առնեն մանուկ հասակէդ եւ կը հասնին մինչեւ խո՜ր ծերութիւն։ Սակայն այդ բարդոյթը ինքնեկ ախտ մը չէ, այլ ունի իրեն դրդապատճառներն ու շարժառիթները։