Արխիւ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նամակով մը դիմած է Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին՝ պահանջելով ժամադրութիւն։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց 2017-2018 շրջանի իր առաջին ժողովը:
Պետրոս Շիրինօղլու. «Ես պատկան մարմիններու պատգամները փոխանցած եմ առանց աղաւաղելու, այսուհետեւ ինձմէ ոչինչ պիտի լսէք պատրիարքական ընտրութեան մասին»:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Գրական փաստագրութեան միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանի «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» եւ «Արիստակէս Զարգարեաե» գիրքերու շնորհանդէսը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առողջութիւնը, կեանքին պահպանման եւ տեւականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի։ Որո՛ւ որ հարցուի, անվարան կը պատասխանէ. «Նախ եւ առա՛ջ՝ առողջութիւն»։
Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» նորովի, աշխոյժ, պարային ու անսպասելի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացուի թատերասէրներուն:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Չավուշօղլու, որ պատասխանատու է վաքըֆներու գծով, Թորոս Ալճանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Արցախի հերոս ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեան դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատախազը իր պարագային եօթ տարուան ազատազրկում պահանջած էր եւ դատավարութեան աւարտին գրեթէ ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ նախատեսուած պատիժը։
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով, երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ տեսակցեցաւ Թերեզա Մէյի հետ եւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին. «Հապա՞ եթէ ռմբակոծուած ըլլար Պաքինկամի պալատը»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու 34-րդ համաժողովը Փարիզի մէջ:
Անդամ երկիրները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին Հայաստանի առաջարկներուն, Նալպանտեան ունեցաւ ելոյթ մը:
Վարչապետ. «Քանի որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տուած է խոստում մը՝ արժեւորելիք նիւթ մը չկայ»:
Պինալի Եըլտըրըմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն, իր պաշտօնակցին՝ Թերեզա Մէյի հրաւէրին ընդառաջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Էնտրու Քլեմենթ Սերգիս՝ հայկական արմատներով, անգլիացի դերասան, բեմադրիչ եւ գրող։ Ծնած է 20 Ապրիլ 1964 թուականին Անգլիոյ Ուեսթ Լոնտոն թաղամասին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
22 Նոյեմբերը բոլորովին ուրիշ տեսակի տօն էր Լիբանանի համար: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ Նոյեմբերի 22-ը Լիբանանի անկախութեան տօնն է եւ այս տարի կը լրանար «մայրիներու երկիր»ին ֆրանսական տիրապետութենէն անկախանալուն 74-րդ տարեդարձը:

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան հետաքրքրական է դիտել մեղուներու աշխատանքը, հետեւիլ անոնց գործունէութեան եւ ուսումնասիրել ապրելու եւ աշխատելու իրենց եղանակը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ անոնց աշխատելակերպը տիպար մըն է մարդոց համար մանաւանդ յարատեւելու, անվհատ գործելու կարեւորութիւնը ցոյց տալու տեսակէտէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը երէկ տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթավերջին նշուեցաւ նաեւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Բանիմացութիւնը ուսման եւ կրթութեան հետ աղերս ունեցող գոյական մը չէ սոսկ, այլ ան միաժամանակ լայն ու հեռուն մտածելու ունակութիւն է։ Բանիմաց ըլլալու համար համալսարաններ պէտք չէ աւարտել, հաստափոր գիրքեր կարդալ, չափանիշներով ու լոզունգներով առաջնորդուիլ…։
ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Մարդկային ուղեղը այնպէս կազմուած է, որ որոշ մարդիկ յարատեւ պահանջքը կը զգան զանազան հրամաններու, առաջարկներու, թելադրութիւններու, որպէսզի անմիջապէս գործի լծուին եւ զանոնք կատարեն կոյր հնազանդութեամբ եւ ամենայն խղճմտութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հազիւ մի քանի վայրկեան առաջ աւարտեցի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Խորհէ՛ Եւ Մտիր…» գիրքը՝ ո՛ւր «խոհեր եւ հայեացքներ» կը ներկայացուի հոգեւոր ուսուցման եւ ընդհանրապէս «եկեղեցականութեան» մասին։
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սահմանին նստած՝ կը սպասեմ, որ խաղաղի, վերադառնամ տունս, ինքնութեանս եւ հարազատներուս: