Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դրական երանգներով եւ կարեւոր ակնկալիքներով փակեց 2017 տարին: Բնականաբար անցեալ տարուան ամենէն կարեւոր ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ կնքուած համաձայնագիրն էր, որ կարեւոր ու դրական սպասումներ բերող դուռ մը պիտի ըլլայ հայութեան համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ Ամանորի պատգամով։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։
Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» համոյթի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Ամանորը։ 2018 թուականը ողջունելու համար միութեան երդիքին տակ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Ամանորը։ Վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Նոր տարուայ հանդէսին ժամանակ բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թատերակներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ հրճուանքով։ Դպրոցէն ներս կազմակերպուած Կաղանդի հանդէսը պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Գատըգիւղի ընտանիքը հրճուանքի մէջ էր։ Ստեղծուած եռուզեռը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ մանաւանդ դպրոցի երդիքին տակ։
Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղօթքը՝ աղօթքի կեանքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած կամ վայել բարիքներու խնդրանքն է Աստուծմէ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։ Արդարեւ, Աստուած կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր անձ, ըստ Իրեն հաճելի եղող ճամբաներուն եւ կերպերուն։ Իսկ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՚ընդառաջէ Անոր՝ ըստ իր սրտին հաստատակամութեան եւ ըստ անձնական արտայայտութիւններուն իր աղօթքին։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական յուշագրութիւն մը։ Աշխարհահռչակ ռուս գրող Վասիլի Կրոսմանի դէպի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ հեղինակած ուղեգրութեան թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Իրանի աւելի քան տասն քաղաքներէն ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան բողոքի մեծ ցոյցեր. 10 զոհ:
Ելմտական ընկերութիւններու իրերայաջորդ սնանկացման մթնոլորտին մէջ ցուցարարները փողոց իջած են՝ կեանքի սղութեան դէմ:
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովաննէս Չեքիճեան ներկայ տարեմուտին արժանացաւ երկրի բարձրագոյն կոչման։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ մաէսթրոյին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ջուր ունի՜նք,- կ՚ըսէ Սեւան խոհանոցին ծորակը դարձնելով,- լոյս ալ ունի՛նք,- կը շարունակէ լոյսին կոճակը սեղմելէ ետք լուսաւոր խոհանոցը տեսնելով,- այս ի՞նչ անակնկալ է, վերջացա՞ւ այսինքն ամէն ինչ: Յովսէ՜փ, ե՛լ, եկո՛ւր, հետս ուրախացիր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տօնական օրերը կը մօտենան: Տարբեր երկիրներու, տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ տուներու մէջ մարդիկ եռուզեռի մէջ են դարձեալ: Իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով կը պատրաստուի տօնական օրերուն, իրեն յատուկ կերպով նշելու եւ դիմաւորելու Նոր տարին:
Մի եւս եղիցին քեզ աստուածք առժամայնք.
Եւ մի երկիրպագանիցես դու աստուծոյ օտարի։
(Սաղմոսք, Ձ.10)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Կաղանդ պապային մօրուքը ճերմակ է ալիւրի նման,
«Ըսէ, Կաղանդ պապա, մօրուքէդ հա՞ց կը շինուի»
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ամանորը աշխարհի ամենէն սիրելի տօներէն մին է։ Նոր տարին նշելու ընթացքին, հարազատներ քով-քովի գալով, միասնաբար կը փակեն հին տարին եւ նորանոր մաղթանքներով ու յոյսերով Նոր տարին կը դիմաւորեն։ Երբ Նոր տարի կ՚ըսենք, չենք կրնար զայն առանց տօնածառի, Կաղանդ պապայի եւ մսուրի պատկերացնել։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Վերադարձ Մայր Եկեղեցի
2018 տարին պիտի նշէ Հայ Եկեղեցւոյ կարկառուն դէմքերէն՝ Պոլսոյ Պատրիարք, աստուածաբան, պատմագէտ, կանոնագէտ, ուսուցչապետ եւ ներհուն մտաւորական Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վախճանման 100-ամեակը, որ պատահեցաւ Պոլսոյ իր ծննդավայրին մէջ 1918 թուի Նոյեմբեր 19-ին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իբր ո՛չ եթէ արդէն առեալ իցէ,
կամ արդէն կատարեալ իցեմ. զհետ մտեալ եմ թէ հասից,
մանաւանդ թէ ըմբռնեալ իսկ իցեմ ի Քրիստոսէ Յիսուսէ։
(Փիլիպեցիս, 3.12)
Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի մեկնիլ Երուսաղէմ։ Յառաջիկայ ամսուան կէսին տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը։
Մարդկութիւնը մեծ յոյսերով եւ դրական սպասումներով կ՚ողջունէ 2018 թուականը՝ խաղաղ երկնքի հասարակաց մաղթանքով:
Հայաշխարհը լաւատեսութեամբ ու բարի ակնկալութիւններով կը թեւակոխէ ամանորը, որ համազգային յոբելեաններու շրջան մը կը սահմանէ: