Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկայնամիտ» կը նշանակէ՝ շատ համբերող, հեզ եւ բարեմիտ, նաեւ քաղցրաբարոյ։ Սէրը երկայնամիտ է, անոր յատկանշական ստորոգելիներէն մին է եւ կարեւորագո՛յնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս առթիւ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կատարուեցաւ Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիի բացումը։
Շաբաթավերջին, ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթի, ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» կայանէն առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ խոհանոցային եւ ճամբորդական յայտագիրներու թղթակից Էնթընի Պուրտենի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան արգասիքը հանդիսացող միժամեայ յայտագիրը, որ մաս կը կազմէ անոր «Անծանօթ Վայրեր» («Anthony Bourdain Parts Unknown») հաղորդաշարին:

Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու հաւաք:
Ընթացաւարտները շարժման կ՚անցնին վարժարանի պիւտճէի ահաւոր բացը հնարաւորինս հաւասարակշռելու նպատակով: Հայկ Ասլանեան խոստացաւ չորս բարերարներու հետ 500 հազարական լիրա նուիրատուութիւն յատկացնել՝ Տոլափտէրէի համայնքապատկան տարածքի արժեւորման համար: Կեդրոնականցիները կը ծրագրեն ցանց մը ստեղծել:
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի երէկուան լարուած ժողովը եկաւ ապացուցանել, որ վարժարաններու նիւթական առկայ հարցերը հասած են թրքահայութեան կեանքը անդամալուծելու եզրին: Պետրոս Շիրինօղլու ասպարէզ կարդաց Համբարձման սեղանի ընթացքին ունեցած ելոյթին բերումով իր հասցէին սանձազերծուած բողոքի արշաւին դէմ. «Միթէ այսքան համբա՞կ ենք, որ զօրակցութիւն հաստատելով չենք յաջողիր յաղթահարել խոչընդոտները»:
Համակարգման խորհուրդը լուծարուած:
VADİP-ի ապագան անորոշ՝ դպրոցներու կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքով - Ապագայ աշխատանքը կախում պիտի ունենայ բոլորի համախմբուած ձեւով միասնական շօշափելի ու գործնական քայլեր առնելէ: Նիստի ընթացքին ահազանգ հնչեցուեցաւ, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն 1500-ով կրնայ պակսիլ մեր դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին ամփոփ տեղեկագիր մը ներկայացուեցաւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին անունով։ Տեղեկագիրը ընթերցեց թաղային խորհուրդի անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կարելի է միայն հպարտութեամբ երեւակայել անցած դարու 1930-ականներէն մինչեւ 1970-ականներու միջազգային գիտական միջավայրը, ուր, իբրեւ անզուգական գիտնական, գործած է հայուհի Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան, հարստացնելով բիւզանդագիտութիւնը իր բեղուն գործունէութեամբ, միաժամանակ մեծ ներդրում ունենալով հայագիտութեան մէջ, դառնալով հայկական մանրանկարչութեան նուիրեալ հետազօտողներէն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ Յակոբ Պարոնեանի Պաղտասար աղբարը ողջ ըլլար, հաւանաբար պիտի ըսէր.
«Ոտքը կոտրէր այդ նամակաբերին եւ այդ նամակը մեզի բերած չըլլար»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տաճարին կեդրոնական եւ էական հանգամանքը՝ սրբավայր ըլլալն է, այսինքն այն վայրը՝ ուր Աստուած կը բնակի առանձնայատուկ կերպով։
Յիսուս, ինչպէս Իրմէ առաջ մարգարէները, ամենախորունկ յարգանքը ունեցաւ Երուսաղէմի Տաճարին հանդէպ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի հանգուցեալ Էլիզ Մանաս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երախտաշատ դէքմերէն մին՝ Գէորգ Եանէր, որ երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայութիւն մատուցած է։
Հոգեգալստեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ մեր այս պատմական ու կոթողային սրբավայրի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Սարըերի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սարըերի քաղաքապետարանը վերջերս փոխադրուած է Մասլաք՝ տեղակայուելով նորակառոյց համալիրի մը մէջ։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մեր կրթական մշակներուն աւանդական պտոյտը։ Այս տարի ծրագրուած էր յատկանշական պտոյտ մը, որ տարբեր էր սովորականներէն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին քրիստոսասէրներուն հաւատքին միջնաբերդն է, որ իր առաքելաշունչ քարոզութեամբ առողջ հաւատքի սերմնացանը կը հանդիսանայ։ Ինչպէս որ սերմանողը անշարժ վիճակի մէջ չի մնար, այլ կը շրջի եւ սերմնահատիկներ կը ցանէ, այնպէս ալ Եկեղեցին անխարդախ հաւատքի տարածիչն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր կը ներկայացնենք մեծ Արմաշական՝ Մեսրոպ Վարդապետի, 17 Յուլիս 1904 թուակիր շահեկան, մշտանորոգ քարոզ-յօդուածը։ Մեսրոպ Վարդապետ՝ ապա Մեսրոպ Ա. Մշեցի Նարոյեան Պատրիարք (1927-1944), կը շօշափէ, կ՚ուսումնասիրէ եւ հանգամանօրէն կը վերլուծէ արուեստի եւ կրօնքի փոխյարաբերութիւնները, իրարու նկատմամբ ազդեցութիւնները եւ կ՚եզրակացնէ, թէ կրօնական զգացումը երբեք այլամերժ չէ, այլ՝ կեանքի ուժերուն համերաշխ կերպով ներդաշնակման կարեւոր մէկ ազդա՛կը։
Ara KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumunda eğitim sistemiyle ilgili sorunlar son günlerde yeniden sıcak gündem oluşturuyor. Bu ortamda Vakıflararası Dayanışma ve İşbirliği Platformu (VADİP) da bugün bir toplantı gerçekleştiriyor. Toplantının gündeminde cemaatin eğitim yaşamıyla ilgili sorunların öncelikli yer tutacağını ön görmek zor değil.
Ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան շաբաթավերջին դարձաւ 85 տարեկան։ Ան երկար տարիներ նախագահած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ յաջորդելով իր հօր՝ Ալեք Մանուկեանի։
Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան Պեռնար Լէուիս, որ ծնած էր Լոնտոնի մէջ։ Հրէական ծագումով պատմաբանը 102 տարեկան էր։