Արխիւ
«Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն պատրաստակամութեան պակասի մասին»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ղարաբաղեան հարցը պիտի լուծուի, եթէ Ատրպէյճան հրաժարի առաւելապաշտութենէ»:
Պատրաստեց՝ ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Արամ Խաչատուրեան իր շրջագայութիւններու ժամանակ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է երկիրներու առաջին դէմքերու՝ նախագահներու հետ, անոնցմէ ստացած է հետաքրքրական առաջարկներ, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր նուէրներ: «Արմէնփրէս» այս անգամ առանձնացուցած է աշխարհահռչակ յօրինողի հանդիպումները արքայական ընտանիքներու հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծաղկաձորեան հանգստեան օր մըն էր (2015) ու երեկոյեան Talk Show-ին կը մասնակցէր Ռուբէն Մելքոնեան: Զրոյցի նիւթը բնականաբար Թուրքիոյ զարգացումներն էին, որոնց մասին բացի համոզիչ եւ հասկնալի բացատրութիւններ տալէ, Մելքոնեան իր գիտնականի հմուտ տեսակէտներով կը յաջողէր լռութեան մատնել իր ընդդիմախօսը եւ ակնդիրի մտքին մէջ ներդաշնակ կերպով «տեղաւորել» իր գաղափարները:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ծաղկուած թերթեր. Թռչուններուն կախարդող ճախրանքը հայկական ձեռագիրներուն մէջ». մանուկներու համար պատրաստած իր առաջին պատկերագիրքը այսպէս խորագրած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի «Մաշտոց» հիմնադրամը:
Գաղափարին հեղինակը՝ Մատենադարանի Միջազգային կապերու բաժնի վարիչ Վարդի Քէշիշեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ պատկերագիրքը մանուկներու եւ պատանիներու համար է, սակայն մեծերը եւս հաճոյքով կրնան առնել իրենց ձեռքը եւ ներկել թռչունները, որոնք պատկերուած են գիրքին մէջ եւ որոնցմով մեր նշանաւոր ծաղկողները զարդարած են ձեռագիր մատեանները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ մարդ տեղեակ ըլլայ, թէ գործիք մը ի՞նչպէս կ՚աշխատի եւ գիտնայ անոր մասին մանրամասնութիւններ, զայն գործածելը կը դիւրացնէ եւ գործիքը աւելի օգտակար կ՚ըլլայ։ Կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. կեանքը ճանչնալ, կեանքի փորձառութիւն ունենալ՝ կեանքը դիւրատար կ՚ընէ, կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն դէմ պայքարը աւելի հեշտ կը դարձնէ, կեանքը ապրիլ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ, մէկ խօսքով՝ կեանքը աւելի դիւրատար կը հանդիսանայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհահռչակ հանճարեղ մորթաբանին մահը խոր ցաւի եւ սուգի մատնեց մեր ամբողջ համայնքը:
Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի անշահախնդիր ծառայութիւնները կը վերյիշուին համատարած երախտագիտութեամբ:
Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի յարկէն ներս Բարեկենդանը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից յիսունութ փոքրիկներ մասնակցութիւն բերին կազմակերպուած խրախճանքին։
Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ գեղարուեստական երեկոյթ մը։ Մեներգիչ Ասատուր Պալճեան, դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու, ասմունքող Տիանա Չիլինկարեան ու նոյնպէս մեներգիչ Տիգրան Պեսքիսիզեան ճոխ յայտագիր մը գործադրելով հաճելի ժամանց պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագի ընթացքին պատահած ցաւալի դէպքը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ մեր համայնքէն ներս բեւեռացումներէ խուսափելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաւաքական կեանքի բոլոր հարցերու լուծման բանալին է՝ իրարու նկատմամբ յամառօրէն սէրն ու յարգանքը:
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր խրախճանք մը։ Աւանդական մթնոլորտի մէջ տղաքը ըմբոշխնեցին Բարեկենդանի հրճուանքը, միեւնոյն ժամանակ հաղորդ դարձան այս շրջանի տօներու նշանակութեան։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 109-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 86-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Բուն բարեկենդանի կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ վերջին օծումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Թուրքիա շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդականը՝ զօրավար ՄաքՄեսթըր երէկ Իսթանպուլի մէջ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր դեսպան Իպրահիմ Քալընի կողմէ։
Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։
ԱՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Հայկական լեռնաշխարհը մետաղամշակութեան հնագոյն բնօրրաններէն մին է։ Հայաստանի մէջ մետաղի գեղարուեստական մշակումը ունի հնագոյն աւանդոյթներ։ Սակայն, մինչեւ վերջին տարիները Հայաստանի հելլէնիստական դարաշրջանի տուեալները գրեթէ անյայտ էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բուն Բարեկենդան»ը՝ որ կը նախորդէ Մեծ պահքին, մարդուս դրախտային կեանքի, մարդկային անսահման երջանկութեան յիշատակն է՝ կարօտի արտայայտութիւնը այդ երանելի՜ շրջանին, որ դրախտի մէջ կը վայելէին Ադամ եւ Եւա՝ նախածնողները։
Ըստ ժողովրդական աւանդութեան՝ Բարեկենդանին թոնիրը՝ այն կաւէ վառարանը, ուր հաց կ՚եփուի, միշտ վառ եւ պատրաստ պէտք է ըլլար, եւ ընտանեկան սեղաններու վրայ պէտք է ամէն ինչ առատ եւ ճոխ ըլլար։
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստի արդիւնքով Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերահաստատուեցաւ օրինական դրութիւն մը, որու շնորհիւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերուեցան պաշտօնական ընթացակարգերով պայմանաւորուած պետութեան ակնկալութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց տեսակէտէ անհրաժեշտ նուազագոյն բոլոր տարրերը: Գումգաբուի կողմէ անմիջապէս իրազեկուեցան պատկան իշխանութիւններն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:
Ճգնաժամը յաղթահարուեցաւ:
Երկար սպասումէ վերջ բանիմացութեան յաղթանակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ամիսներ անց դարձեալ ստանձնեց Պատրիարքարանի ղեկը՝ ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով, մինչեւ նոր ընտրութիւն:
Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ,
Մեր հաստատութիւններու յարգարժան վարիչներ եւ
Մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակներ,
Ներկայիս պատրիարքական ընտրութեան ցաւալի գործընթացի անկիւնադարձային կէտերէն մէկուն վրայ կը գտնուինք։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Դպրեվանքեան ուսանողութեանս տարիներն էին, երբ վաստակաշատ եւ մեծ ուսուցիչ հանգուցեալ Պարոն Գէորգ Գանտահարեանը իր ժպտադէմ դէմքով դասարան մուտք գործեց։ «Ալե՛քս,- յանկարծ ըսաւ,- ելիր գրատախտակին վրայ բահ բառը փ-ով գրէ»։ Շշմած էի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կրօնական ժողովի երէկուան զեկոյցը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս պատմական տուեալ։ Մեր Աթոռի տարեգրութեանց մէջ այդ զեկոյցը միշտ ուշադրութեան առարկայ պիտի մնայ։ Պատմական տուեալները միշտ չէ, որ միանշանակ բնոյթ կը կրեն՝ լաւ կամ վատ ըլլալու առումով։ Կան այդպիսիներ, որոնք միանշանակ լաւ կամ վատ կը համարուին։