Արխիւ
Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պատճառ դարձան Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքութիւններու բողոքին:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները քանի մը օր փակ մնալէ վերջ վերաբացուեցան՝ քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան ներքեւ: Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց ձեռնարկուած միջոցները, որոնց նպատակն է իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Միւլլէրի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։ Տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը վաղը պիտի ձեռնարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։ Նորանկախ պետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ բարեփոխեալ սահմանադրութիւններու հիման վրայ։
Պրեքսիթի անցումային գործընթացին մէջ Պրիւքսել-Լոնտոն տարակարծութիւններ:
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագրին առաջին տարբերակը:
2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։
Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ բարձր մակարդակով նստաշրջանը՝ Ժընեւի մէջ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սպանացի լրագրող Անտրէս Մուրենսան, որու հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը։ Անտրէս Մուրենսա 2005 թուկանէն ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի քաղաքիս մէջ՝ ամուսնացած ըլլալով թուրք տիկնոջ մը հետ։
Մեր համայնքէն յայտնի ու տաղանդաւոր բժիշկ մը բարձրացաւ գիտական աստիճանի գագաթին՝ տարիներու յամառ ու նուիրեալ աշխատանքով:
Վիրահատ Մանուկ Մանուկեան փրոֆեսէօրի կոչում ստացաւ՝ առողջապահութեան կալուածէն ներս դասուելով հեղինակութիւններու շարքին:
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան երկարամեայ փոխ-ատենապետը որոշեց լքել իր պաշտօնը:
Իւմիտ Գույումճու երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով հանրային կարծիքը տեղեակ պահեց հրաժարականին մասին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց երկու ուշագրաւ գիրքեր։ Առաջինն է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածոն։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ. Սպիտակ տան հանճարե՜ղ պետին ուղեղը նորագոյն փայլատակում մը ունեցած է Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ «անհաւասարակշիռ»ի մը գործած նորագոյն ոճիրին լոյսին տակ։ Նախագահը գտած է նման արիւնահեղութեանց վերջ տալու ամենէն կարճ ճամբան. զինել… ուսուցիչները։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Եկեղեցական բանաստեղծութիւնը ամէն բանէ առաջ օրհներգութիւն է, փառաբանանք է ուղղուած Ս. Երրորդութեան՝ միասնաբար կամ առանձին-առանձին։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս շարականներու մասին կ՚ըսէ. «Աղաչանք, աղօթք, ներբող, փառաբանութիւն, օրհներգութիւն, պատմութիւն, սրբոց վարք, յորդոր, քարոզ, վարդապետութիւն եւ վերջապէս, կրօնական կեանքի յատուկ ամէն ինչ իրենց տեղը ունին «Շարակնոց»ին մէջ» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 45)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս անհնազանդութիւնը, անհաւատարմութիւնը՝ անիշխանական եւ ինքնագլուխ ապրուած կեանքը նախապատիւ կը սեպեն։
Ասիկա կու գայ այն սկզբնական անհնազանդութենէն՝ որ իր ճիրաններուն մէջ առաւ Ադամը, եւ ան ենթարկուեցաւ իրերայաջորդ մեղքերու հոսանքին, եւ մարդկային բնութիւնը հետզհետէ՝ սերունդէ՜ սերունդ վարակուեցաւ այդ ախտէն։
Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 2083-ի։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւան բազմիցս վերահաստատած է, որ պիտի շարունակէ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքը:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։
Շիշլիի քաղաքապետն ու իր խորհրդականները երէկ յետմիջօրէին պատուեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Հայրի Ինէօնիւ հետաքրքրուեցաւ թերթիս գործունէութեան հեռանկարներով, ինչպէս նաեւ լսեց մեր մեկնաբանութիւնները համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ, որոնք արձագանգ կը գտնեն հանրային կարծիքին մօտ: