Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ պաշարած է Աֆրինի յարակից տարածքները։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

​Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան ընտրութիւններէն յետոյ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մամետեարով Պաքուի մէջ յայտնեց, որ կողմերը որոշած են Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ քննարկումները շարունակել աւելի եռանդուն ձեւով։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Թուրքիա յամառօրէն կը հետապնդէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմը, որ ներկայիս կը գտնուի Եւրոպայի մէջ։ Վերջերս ան Փրակի մէջ ձերբակալուած էր եւ Չեխիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետութիւններուն միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Ս. Յակոբեանց վանքի երբեմնի կալուածներու հետապնդման պատրուածքով:
Երուսաղէմի պատրիարքը դարձեալ եկած է քաղաքս ու կ՚իջեւանի «Լէ զ՚օթոման» պանդոկին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Միջմիութենական 22-րդ գիտական մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Պէզճեան սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին բացառիկ հարցազրոյցը՝ «Շանթ» հեռուստակայանին:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Պոլսոյ Աթոռը կը ջանայ հաւասարապէս հնազանդիլ թէ՛ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ թէ պետութեան խօսքին: Նորին սրբազնութիւնը չէ փափաքած խորանալ տեղապահի ընտրութեան նախորդած «զանազան խաղերուն» մէջ, արդարեւ շատեր աւելի վերջ պատճառները պատմեցին իրեն:

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ականաւոր գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան իր կեանքի ընթացքին շատ ծաղիկներ նկարած է, բայց ապակիի վրայ նկարած անոր ծաղիկները միակ են ու անկրկնելի: Այս ապակենկարը վերջերս Երեւան հասաւ եւ մօտ տասը օր կը ցուցադրուի Վարպետի՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խաչանիշ»ը՝ Քրիստոսի կնիքը կը ներկայացնէ, որ Իրեն կը պատկանի եւ Իրեն պիտի պատկանի։ Ան կը նշանակէ նաեւ «փրկութեան այն շնորհ»ը՝ զոր Քրիստոս համայն մարդկութեան համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արմատներով հաճընցի Սարգիս Վահագն (բուն անունով՝ Սարգիս Փաթափութեան) այսօրուան դրութեամբ կը համարուի սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող ամենէն տարեց (ծնած է Պէյրութ 1927 թուականին), բայց «երիտասարդ» գրողը: Ծնած է Պէյրութ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կը հեռանայ իր ծննդավայրէն ու կը հաստատուի հայերուն համար «խոստացուած» նոր «եդեմ»ը համարուող՝ Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

Անգարա եւ Փարիզ մշտական կապի մէջ՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Մաքրոնի հետ:

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

Ամերիկեան ընտանիքներէն ներս կատուներու որդեգրումը որպէս ընտանի կենդանի, երկրորդ կարգի կու գայ՝ շուներէն ետք։ Կ՚ըսեն, թէ շուները հաւատարիմ կ՚ըլլան, իսկ կատուները՝ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ յատկութիւն ունին, գրաւել կարենալու իրենց տէրերու ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու սիրուած ու յարգուած վարիչներէն մին՝ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրա։ Երէց սերունդէ մեր ազգայիններու շարքին ան ունէր իր ուրոյն տեղը։ Իր բազում սերնդակիցներուն նման, ծանր պայմաններով նետուած էր կեանքի պայքարի եւ կեանքի ողջ տեւողութեան ալ միշտ եղած էր տրամադիր՝ համայնքին ծառայութիւն մատուցելու ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար:

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ սիրտը շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, քանի որ մարդուս ամբողջ կեանքը կախում ունի սիրտէն։ Այս պատճառով է որ հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտ կը դնէ սրտին վրայ՝ որ «խո՛րքն է էակին»։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

Մատենադարանի ձեռագիրներու ֆոնտին 25 տոկոսը ցարդ տեղափոխուած է համակարգչային միջավայր:
Գիտական կառոյցը յառաջիկային Գերմանիայէն պիտի ստանայ նոր սարքաւորում մը՝ յաւելեալ հնարաւորութիւններով:

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018

Վատիկանի մէջ պիտի բացուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցն է «Մատեան ողբերգութեան» երկը։ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին վերջին տարիներուն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018

Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ բարեկամութիւնը կ՚ամրապնդուի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի. «Հայաստան եւ Վրաստան կ՚օգտուին իրարու առեւտրային գօտիներէն»:

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ պաշտօնի կոչեց Հանրապետութեան չորրորդ ղեկավարը:
Արմէն Սարգսեան պիտի երդուէ յառաջիկայ 9 Ապրիլին: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհաւորական:

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018

Էսաեան վարժարանի ճատրակի խումբը վերջին օրերուն շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Պէյօղլուի գաւառակէն ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի արդիւնքով։ Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մարզական համալիրէն ներս։

Էջեր