Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրինապահութիւնը՝ ազատօրէն գործելու, խորհուրդները իրագործելու կամ զսպելու, չափաւորելու եւ եթէ պէտք է՝ չիրականացնելու ուղեցոյց մը՝ բացատրագիր մըն է։ Արդարեւ, օրէնքը երբեք արգելք մը չէ՛ ազատօրէն շարժելու, այլ եւ մանաւանդ՝ լաւագոյն եւ արդիւնաբեր կերպով գործելու, կարելի չափով անսխալ շարժելու եւ կարգապահութեան մէջ խաղաղ ապրելու միջոց մըն է։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ներկայացուցիչներէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։
Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վաստակաւոր լրագրող Կարպիս Քեշիշօղլուի ի պատիւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման պին Ապտիւլազիզ իշխանը կը պատրաստուի Միացեալ Նահագներ այցելել: Ուշագրաւը այն է, որ նախօրօք տրուած լրատուութեան համաձայն, Ուաշինկթըն տրուելիք այցի շրջանակներուն մէջ կը սպասուէր, որ Սելման թագաւորը ըլլար սէուտական պատուիրակութիւնը գլխաւորողը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկարչութեան աշխարհի հնագոյն թանգարանի՝ Նիւ Եորքի Ճորճ Իսթմընի թանգարանին մէջ, ի թիւս բազում հազուագիւտ լուսանկարներու եւ իրերու, կը պահպանուի նաեւ լուսանկարչական ժապաւէնի փաթոյթ մը, որ իր պատմութեամբ եզակի է, եւ որուն 36 քատրերուն վրայ նաեւ պոլսահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին դիմանկարը կայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ իրական իմաստով «ընկեր» ունենալ շատ դժուար է, քանի որ «բարեկամ-ընկեր»ը հազուագիւտ է։ Ի՞նչ է բարեկամութեան հիմը։ Անշուշտ, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն, որոնք սիրոյ պտուղներն են. եթէ սէր կայ, հոն կա՛յ նաեւ՝ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն։
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը:
Խաչքարերը պէտք չէ կրկնուին, կ՚ըսէ վարպետը եւ Աստուծմէ ուժ ու գեղարուեստական շնորհ կը խնդրէ՝ հազար անկրկնելի խաչքարերու համար:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան մասնակցած է Մարտ 15-18 թուականներուն միջեւ Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամենամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:
Հենրիխ Մխիթարեան Երեւանի մէջ ամէնուրեք ջերմ վերաբերմունքի կ՚արժանանայ համակիրներուն կողմէ:
Հայկական ֆութպոլի մեծ աստղը սատար կը հանդիսանայ հաշմանդամ զինուորներու վերականգնման կեդրոնին:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ պարգեւատրեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ խօսեցաւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մասին։ Մինչ Աֆրինի ԵՓԿ-է մաքրագործման արձագանգները կը շարունակուին, Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն դրուած է ստորակէտ մը։
Ֆրանսայի մէջ այս առաւօտ հսկողութեան տակ առնուեցաւ երկրի նախկին նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզի։ NTV-ի հաղորդումներով, հիմնաւորումը այն է, որ Նիքոլա Սարքոզի նախընտրական արշաւներու մէջ կատարած է ապօրինութիւններ։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը արձագանգեց՝ իր Պոլիս այցի մասին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի լրատուութեան:
Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու կարեւոր մանրամասնութիւններ կը մատնանշէ դատական գործընթացներուն կապակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Ոմանք» խումբի իրերայաջորդ համերգներով։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Կը թուի, որ մենք՝ հայերս արեւապաշտ ըլլալէ առաջ եղած ենք լուսապաշտ: Անշո՛ւշտ ո՛չ արեւապաշտութիւնը եւ ո՛չ ալ լուսապաշտութիւնը մեր ազգային մենաշնորհն է: Թէ՛ լոյսը, թէ՛ արեւը՝ երկուքն ալ պաշտուած են հնդեւրոպական եւ այլ հին ժողովուրդներու կողմէ ու տարածուած՝ աշխարհով մէկ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Առնուազն ես երեք անգամ ներկայ եղած եմ այդ դէպքին: Կար նաեւ յունաց պատրիարքը եւ մենք միասին վառեցինք մեր լապտերները», մօտաւորապէս այս խօսքերն էին, որ պատճառ կը դառնային, որ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն «վառ» ներկայացուցիչները քննադատութեան թիրախ դարձնէին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանը:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս թեմին շնորհեց հովուապետական այցելութիւն մը, որու ընթացքին Քիեւի մէջ հանդիսապետեց թեմի առաջնորդանիստ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան։
Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեանի գլխաւորած կազմակերպութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը:
«Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման յոբելեար միութիւնը կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։