Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 21-ին մահացած է հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեան (1866-1942), որ յատկապէս իր «Լալուարի որսը» երկարաշունչ ու հանրածանօթ բանաստեղծութեամբ՝ մնայուն իր տեղը գրաւած է հայոց անմահներու պանթէոնին մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Ծաղկազարդը յատուկ տօն մըն է: Մեր Տէրը Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ մեծ բազմութեան կողմէ կը դիմաւորուի: Հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի կ՚ունենայ: Երկու կարեւոր տուեալներ կան, որոնք կը պարզեն, թէ ի՞նչն էր այս յաղթական մթնոլորտին, ուրախալի եւ ճոխ ընդունելութեան պատճառը:

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող օրերուն մէկէ աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ խօսեցան «Ալ Պուսթան» անունը կրող գործողութեան մասին, որ իրականացուած էր 2007 թուականին:

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ նուիրուած միութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատմութեան:

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շնորհքի սկզբունքը (Հմմտ. Ծն 6.8)
«Բայց Նոյ Տիրոջը առջեւ շնորհք գտաւ»
(Ծն 6.8)։ 
«Գտնել» բայը արտայայտութեան ձեւ մըն է, որ կը նշանակէ «ստանալ», «ընդունիլ»։ 

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի վերջին Կիրակի օրը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակին։
Ծաղկազարդի օրը՝ Յիսուս Քրիստոսի տանջանքներուն եւ տառապանքներուն շաբաթուան սկիզբն է, որ Ան կրեց, Իր վրայ առնելով մարդկութեան ամբողջ մեղքերը։
Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի մասին կը վկայեն չորս աւետարաններ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

ՃՀՓ-ական Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու առկայ խնդիրները։ Երեսփոխանը այդ խնդիրներու ստուգման եւ լուծման հեռանկարներու որոնման համար առաջարկեց մասնաւոր յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

«Աւանդական արժէքներ, արդի մարտահրաւէրներ» խորագրեալ հետաքրքրական հաւաք:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընտանեկան յիշողութեան մասին ցուցահանդէս մը:

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւետարանի «Մեծ խնջոյք»ին առակը, Աստուծոյ կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց տարբեր դիրքորոշումները կը յայտնէ։ Ուստի, իւրաքանչիւր մարդ տարբեր կերպով կը դիմաւորէ, տարբեր կերպով կը հասկնայ եւ տարբեր կերպով կը պատասխանէ «հրաւէր»ի մը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հրաւէրով։ Լուքաշենքօ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ Մարկվելաշվիլիի եւ թէ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը:
Զարզավաթճեան ամոլի հեղինակած ծաւալուն գիրքը ներկայացուեցաւ՝ Ֆրանսախօսութեան օրերու ծիրէն ներս:

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին կողմէ հրատարակուող «UN Special» ամսագրի Մարտ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ընդարձակ հարցազրոյց մը։ Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը այս հարցազրոյցը տուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի «Աչք» գիրքին շնորհանդէսը։ Սա հեղինակի չորրորդ հայերէն գիրքն է։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբը շնորհաւորեց իր կազմի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի մէջ տարուան լաւագոյն ֆութպոլէօրի կոչման պարգեւը ստանալու կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տարածքաշրջանային հարցերու քննարկում:
Էրտողան եւ Թրամփ համաձայն գտնուեցան՝ ռազմավարական փորձութիւններու առջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան ուղղեալ քայլերու տեւականացման համար: Երկու ղեկավարները համակարծիք են նաեւ վերացնելու համար այն զգայնութիւնները, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն վրայ:

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան այս տարի կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Յառաջիկայ ամիս ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­րա­նի Խորհր­դակ­ցա­կան մարմ­նի վե­րա­կազ­մուած ըլ­լա­լը կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին տե­սա­կէ­տէ եւ օ­րա­կար­գի վրայ ար­դէն կը զբա­ղեց­նէ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ։ Անց­նող շուրջ տա­րուան մը ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գրե­թէ ան­դա­մա­լու­ծուած էր եւ, ըստ էու­թեան, ամ­լա­ցած:

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը երէկ կազմակերպեց Մեծ պահոց շրջանի աւանդական ճաշկերոյթը։ Սովորաբար Միջինքին տեղի կ՚ունենար աւանդական դարձած այս տիկնանց հաւաքը, սակայն այս տարի Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ծրագրին բերումով թուականը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։

Էջեր