Արխիւ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան երկրորդ տասնամեակին, Երեւանի եկեղեցիներու բռնագրաւումէն եւ անոնցմէ երկուքին, Ս. Պօղոս Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու, քանդումէն անմիջապէս ետք զոհ գացին նաեւ Հայաստանի բազմաթիւ միջնադարեան վանքերը, որոնք եւս գրաւուեցան, փակուեցան եւ ծառայեցին պետական աշխարհիկ նպատակներու։ 1929 Սեպտեմբեր 20-ին Վաղարշապատի հնադարեան Գայիանէի վանքը թիրախ դարձաւ համայնավար պետութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւականին ծանր օր մը կը սպասէ Հայաստանին: Արդարեւ, երէկ տեղի ունեցած եւ բոլորին կողմէ «սպասուած» նոր վարչապետի ընտրութեան նիստին տապալումէն ետք, ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան իր համակիրներուն կոչ ուղղեց դարձեալ «ողողել» Երեւանի փողոցները, նաեւ փակել մայրաքաղաքի բոլոր բանուկ կէտերը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի ընդհանուր պատկերը կը շարունակէ մնալ մռայլ։ Արդէն քսան օրէ ի վեր կեանքը բնականոն հունէն դուրս եկած է երկրին մէջ։ Այո՛, ճի՛շդ է, յեղափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ՝ Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելով։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չորրորդ ու Հինգերրորդ դարերուն Մեծ Հայքի Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանը Եկեղեցւոյ ժողովներուն գլխաւոր վայրն էր դարձած։ Փաւստոս Բիւզանդի վկայութեամբ՝ «Ներսէս Մեծ գնաց հասաւ Տարօն գաւառի կողմերը եւ իր մօտ հաւաքեց հայոց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առողջ գաղափարներ» անուանումը ընդհանուր եւ բաւական լայն առում մըն է՝ ո՞րն է առողջ գաղափարը եւ ո՛րը՝ վատը։ Արդարեւ, յարաբերական է գաղափարի մը առողջ, բնականոն եւ ուղիղ ըլլալու կամ վատ, անկանոն եւ ծուռ հանգամանք ունենալու չափանիշը, կը փոխուի միջավայրի եւ ժամանակաշրջանի համեմատ։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը (ԻՇԻՊ) դարձեալ լուրջ հարուածներու կ՚ենթարկուի Սուրիոյ մէջ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի իրականացնել վերջնական գործողութիւններ՝ ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու համար։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիզըր Նաուէրթ յայտնեց, որ միջազգային համախոհութիւնը Սուրիոյ մէջ նոր ռազմարշաւ մը պիտի կատարէ ԻՇԻՊ-ի դէմ եւ այս գործողութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը։
Ահաբեկումներու եւ հրեայ վերաբնակներու սեփականութեան ձեռքբերման քաղաքականութեան հետեւանքը:
«The Guardian» ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու ահազանգին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկուան յատուկ նիստին չյաջողեցաւ ընտրել նոր վարչապետը. շաբաթ մը վերջ դարձեալ քուէարկութիւն
Յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ծովածաւալ բազմութեան կոչ ուղղեց աւելի մեծ թափով շարունակել քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները։ Երեւանի կեդրոնին այս առաւօտեան դրութեամբ կեանքը դարձեալ կաթուածահար։ Պետական շէնքերու մուտքերը արգելափակուած ցուցարարներու կողմէ։
Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր ՀՀԿ ցոյց կու տայ դիմադրութիւն։ ՀՅԴ հրաժարելու հրաւիրեց իր այլախոհ երեսփոխանը։ Կանխահաս ընտրութիւնները անխուսափելի։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն մարզիկներ։ Հիւրերու միջոցաւ նորին սրբազնութիւնը տեղեակ դարձաւ մեր համայնքի երիտասարդներուն կողմէ մարմնամարզի բնագաւառէն ներս վերջերս արձանագրուած յաջողութիւններուն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ անմահ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ձօնուած փառատօն մը։ Երաժշտական այս ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թաշքենթ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւի կողմէ։ Շփումներուն ընթացքին իրեն ընկերացաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։
Յեղափոխական ալիքով անցած շուրջ քսան օրերու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովը յատուկ օրակարգով նիստ մը կը գումարէ:
Բախտորոշ փուլ մը. նոր վարչապետի ընտրութիւն:
Միջազգային հանրութիւնը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Երեւանի յարափոփոխ կլիմային եւ ճակատագրական ներքին իրադարձութիւններուն:
Պետական աւագանին ցաւով ու փութով արձագանգեց Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ պարագային համայնքէն ներս ստեղծուած անհանգստութեան:
Իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկայ:
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հեռաձայնով կապ հաստատեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ: Գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան այցելութիւն մը տուաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանին, որու հետ շփման մէջ անցաւ նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հաւաք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու առընթեր, հաւաքոյթին մասնակցեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յոբելեանները առիթ կ՚ըլլան վերյիշելու մշակոյթի, գիտութեան մեր մեծերը, որոնց անունները մեր ժողովուրդին պատմութեան լուսապսակներն են: Այդ անուններէն է Վահրամ Փափազեան, որուն ծննդեան 130 եւ մահուան 50-ամեակները կը լրանան այս տարի:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Երբ կրկէսի մէջ ենք, պէտք է ըլլալ գազանազուսպը եւ ո՛չ գազաններէն մին»...
Հայրենիքը կ՚եռայ այսօր: Ան յղի է ամէն տեսակի անակնկալներով ու վտանգներով:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պէյրութի մէջ իմ ծնունդս եւ ծննդավայրս ըլլալը իմ ընտրանքս չէր: Ոչ ալ՝ ծնողքիս եւ մեծ ծնողքիս, որոնք իրենց պապենական տունէն՝ պատմական Հայաստանէն արմատախիլ եղան եւ հաստատուեցան Հալէպ, ապա՝ Պէյրութ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեզմէ շատ-շատերուն համար նախատեսելի էր, որ այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստ մը գումարելով, հեզասահ կերպով պիտի ընտրէր երկրին նոր վարչապետը:
Սակայն ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած տեսագրութիւնը (Ֆէյսպուքի վրայ) որոշ կասկածներ առաջ կը բերէր:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շուրջ պատահած դէպքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Մասնաւորապէս՝ եկեղեցւոյ պատին վրայ գրի առնուած ազգայնական լոզունգները պատճառ դարձան, որպէսզի քաղաքական երանգ մը վերագրուի այս դէպքին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ գրիչը կ՚առնեմ եւ կը սկսիմ գրել, յաճախ կը խորհիմ, թէ ինչո՞ւ կը գրեմ։ Իրապէ՛ս, ինչո՞ւ կը գրէ մարդ, գրողին համար հետաքրքրական հարցում մըն է ասիկա։
Երբեմն կը խորհիմ, թէ արդեօք բարոյական գոհացում մը գտնելո՞ւ համար կը գրեմ։