Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Իրարու հարց կու տան սուրիահայ կիները Երեւանի ՀԲԸՄ-ի, Վահէ Կարապետեան շէնքի, Քլոտիա Նազարեան բժշկական կեդրոնէն ներս, երբ ցուցատախտակին վրայ կը տեսնեն Տոքթոր Մերուժին անունը կինեքոլոք մասնագէտի ցանկին մէջ:
Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները գումարեցին ընդհանուր ժողով:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ աշխատանք:
Մխիթարեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Վիեննա։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ այս պտոյտը, որմէ խորապէս տպաւորուեցան աշակերտները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։
Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքը այս շրջանին ցնցումի մէջ է խառն ամուսնութեան մը հետեւանքով։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Աղատատաշ Քերիմովի դուստրը ամուսնացած է ազգութեամբ հայ երիտասարդ գործարարի մը հետ։
Թուրք զինեալ ուժերը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս կը շարունակեն աշխատանք ծաւալել Աֆրինի մէջ։ Անոնք մասնաւորապէս կ՚իրականացնեն խուզարկման աշխատանքներ։
Հայկական մարզական աշխարհը այս օրերուն կը տօնախմբէ Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան ծիրէն ներս հայ մարզիկներու ապահոված փայլուն արդիւնքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն ոսկէ մետայլներ նուաճեցին Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան։
Անգլիական BBC-ն ուշագրաւ եւ իսկապէս հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացուց Հայաստանի մասին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ BBC-ի նիւթին, ուր ներկայացուեցաւ Հայաստանի մասին վեց առանձնայատկութիւն։
Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց օտար ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի երաժշտական միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս ապահովուած ձեռքբերումները համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կ՚ուրուագծեն մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի եւ աշխարհահռչակ ջութակահար Մաքսիմ Վենկերովի միջեւ:
Ռուսաստանի Քասփիյսք քաղաքին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականէն Արթուր Ալեքսանեան չորրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան երէկ տեղեկացուց, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Կառավարական փոփոխութեան ներկայ գործընթացներու պայմաններուն ներքեւ ան վերջին շրջանին կը պաշտօնավարէր պաշտօնակատարի կարգավիճակով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սէուլ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճայի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ անկիւնադարձային ու «չհաշուառուած» իրադարձութիւններ չպատահին, ապա յառաջիկայ 8 Մայիսին Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ:
Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար կը ստեղծուին նախադրեալներ: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը որոշեց 8 Մայիսի քուէարկութեան սատարել Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի թեկնածութեան: Երկրէն ներս կանգ կ՚առնեն քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները:
Յեղափոխութեան առաջնորդը հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին. «Ամէն պարագայի մէջ մենք պիտի յաղթենք։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն գծով կան կենսական հարցեր, որոնց շուրջ պէտք է խօսիլ ու լուծում գտնել»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին զանազան լուրեր, որոնք յոյս կը ներշնչեն երկրէն ներս ստեղծուած մռայլ պատկերի յաղթահարման առումով։ Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար երկրէն ներս տեղի կ՚ունենան կարգ մը խմորումներ, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ Հայաստանը ցնցումներէ զերծ պահելու տեսանկիւնէն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գողութիւնը դժբախտաբար կեանքի մէկ մասնիկը դարձած է հոս, Ամերիկայի մէջ։ Մանր-մունր գողութիւններէն զատ, ինքնաշարժի գողութիւնն է, որ ընդհանրացած է եւ դարձած աղէտալի։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աննպատակ կեանքը ամբողջական կորուստ է։ Բոլոր մարդիկ համաձայն են այս իրականութեան։ Անցեալին, երբ հաճոյասէրները ըսին՝ «ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա.Կր 15.32), բոլոր սերունդները ընդդիմացան անոնց. որովհետեւ, մարդ արարածը միայն մարմին ու զգացում չէ, այլ նաեւ աղօթող հոգի մըն է, մտածող միտք մը, ընկերային յարբերութիւններ մշակող անձ մը, որ իր մէջ ունի սիրելու, տալու եւ պատասխանատուութեան ուրախութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի համար շատ կարեւոր այս օրերուն ստեղծուեցան խորհրդանիշներ, որոնք յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձան: Բազում խորհրդանիշներու կարգին ինքնատիպ պաստառներ գրուեցան եւ հրապարակ հանուեցան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, որ կ՚ապրինք, երեք ժամանակներ ունի. անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Արդարեւ, մարդ միշտ կ՚ապրի ներկայ ժամանակին մէջ, քանի որ անցեալը այլեւս դրական կերպով գոյութիւն չունի, իսկ ապագան կայ միայն երեւակայութեան մէջ, ան ալ դրականօրէն գոյութիւն չունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առողջ գաղափարներ» անուանումը ընդհանուր եւ բաւական լայն առում մըն է՝ ո՞րն է առողջ գաղափարը եւ ո՛րը՝ վատը։ Արդարեւ, յարաբերական է գաղափարի մը առողջ, բնականոն եւ ուղիղ ըլլալու կամ վատ, անկանոն եւ ծուռ հանգամանք ունենալու չափանիշը, կը փոխուի միջավայրի եւ ժամանակաշրջանի համեմատ։