Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ուր իր կեցութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։
ՀՐԱՆԴ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ,
դիակս գտան`
գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։
Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ
տառերուն անզարդ երանգ էր տուած...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած թէժ պատերազմը կը շարունակուի՝ սեպտեմբերի 23-էն ի վեր։ Զոհերուն թիւը գերազանցած է երկու հազար հինգ հարիւրը, կան աւելի քան տասն հազար վիրաւորեալներ եւ շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցիներ գաղթական դարձած են՝ իրենց իսկ երկրին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորները ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան, որու կողքին էր Պատրիարքարանի Հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձին առթիւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսական մամուլի առաջին էջերը ողողուած են աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, դերասան Շարլ Ազնաւուրի եւ ֆրանսացի ժամանակակից եւ նշանաւոր դերասան Թահիր Ռահիմի լուսանկարներով: Նոյն լուսանկարները նաեւ հայաշխարհի լրատուամիջոցները տարածեցին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ: Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ» (Առ 23.24-25):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեն «մարդ»ը, այսինքն, ամէն մէկս իր նմանը կը ճանչնայ իր արտաքինովը, ուրիշ խօսքով, ընդհանրապէս մէկը կարելի է ճանչնալ այնքան՝ որքան ան կ՚արտայայտէ ինքզինք։ Ո՜վ կրնայ ըսել, թէ բոլորովին կը ճանչնայ իր նմանը, իր խօսակիցը, մինչեւ իսկ իր ամենէն մերձաւորը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ խե՞նթ կը ծնին, թէ ժամանակի ընթացքին խենթ կը դառնան... արդէն քանի մը օրէ ի վեր այս հարցը կը չարչրկէ միտքս. մարդը ի՞նք հակումներ կ՚ունենայ դէպի խելագարութիւն, թէ կեանքի փորձառութիւնները կը ստեղծեն այդ հոգեվիճակը անձի ներաշխարհէն ներս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Պոլիս։
2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ, որ նոյնիսկ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն կ՚ամաչնան «յեղափոխութիւն» անուանել, հանրային-քաղաքական կեանքի գլխաւոր դերակատարները, այսպէս կոչուած, «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայուցիչները դարձած էին։
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքմամբ։ Իր խօսքով՝ սա կը համապատասխանէ ամբողջ ԱՊՀ-ի շահերուն՝ ներառեալ տուեալ երկու երկիրները։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Համընդհանուր թշուառութեան մէջ մարդոց բարեկեցութիւնը աչքի փուշի կը վերածուի»:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս պիւտճէի քննարկումներ 2025 թուականին դրամագլխային ծախսերու 55,8 տոկոսը պիտի յատկացուի պաշտպանութեան բնագաւառի զարգացման, ինչ որ 20 տոկոս յաւելում կը նշանակէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի պատերազմը պատահական չէ. կոյր ընկալումներ:
Խաղի կանոններու փոփոխութեան մթնոլորտին մէջ Իրանի որդեգրելիք նոր ընթացքն ու առաջնահերթութիւնները էական նշանակութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի համար՝ մանաւանդ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդրին առումով:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը շարունակէ իր ամուր երթը։ Այսօր դարձեալ Հանրապետութեան տօնն է։ Ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի 29 Հոկտեմբերը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն 101 տարեկան է…
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր նշուեցաւ Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ յոբելեաններու արժեւորման փայլուն երեկոյթ՝ հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Թամար Էսքէնեան եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը հմայեցին ունկնդիրները, որոնք խոր ապրումներ ունեցան որակեալ երաժշտական կատարումներու տպաւորութեան ներքեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մանուկ էի, դեռ անծանօթ էի կարդալու եւ գրելու՝ հայերէն առաջին տառը կարդացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ եւ այդպէս ծանօթացայ հայերէնի, հայ տառերու՝ այբուբենին։ Այդ պահուն հօրս եւ մօրս ուրախութիւնը մեծ էր եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ եղբայրս։
ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻ՜ՒՆ… ԱՐԴԷՆ ՔԻՉ ՄՆԱՑ
Մամուլը կ՚ընդունուի հանրութեան հայելին. թրքահայ կեանքի ամօթալի համայնապատկերին վրայ համայնքային վարիչները լեզուի հարցը լուծել կ՚ուզեն մեր թերթը ոչնչացնելով ու զայն կը թիրախաւորեն՝ առկայ սնանկ համակարգը ցոլացնելու համար։