Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ: Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հեքիաթներէն մէկն է եւ ո՛չ ալ հայերէնի դասագիրքէ փրցուած էջ մը: Միտքս պարզեմ:

 

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ամպիոններէ լսելի դարձաւ այն, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան գալ-ապրելու երեւոյթը սկսած է նոր թափ ստանալ։ Եթէ հաշուի առնենք յատկապէս Միջին Արեւելեքի հայագաղութները, ապա յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ այդ գաղութներուն մէջ միայն ապահովական կամ Մերձաւոր Արեւելքէն «հեռանալու» գաղափարը չէ, որ կը մղէ մեր երիտասարդները Հայաստան տեղափոխուիլ։

 

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Toplumsal Tarih ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) հովանիին ներքեւ, արդէն թողարկած է իր 302-րդ թիւը։ Սա բացառիկ համար մըն է, որ կը բովանդակէ «Աշխարհամարտ, զինադադար եւ բռնագրաւում» խորագրեալ թղթածրար մը

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւետարանի մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24) երբ կը խօսուի «հարսանեկան խրախճանք»ի մասին, ուր շատեր մերժած են մասնակցիլ անոր, կը խորհրդանշէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ուստի խրախճանքի համար «Մորթուած զուարակ»ը, այսինքն մատաղ ցուլը՝ Ի՛նքն՝ Աստուծոյ Գառն է, որ զոհուեցաւ մեզի՝ մեղաւորներու փրկութեանը համար, որպէսզի լիանանք Անոր Սուրբ Մարմնով եւ Արեամբ, եւ միանանք Անոր հետ ամենասերտ միութեամբ, եւ ըլլանք մարմին՝ Անոր Մարմինէն եւ ոսկոր՝ Անոր Ոսկորներէն, ինչպէս որ հարկ է հարսին՝ Եկեղեցին։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Երգահան Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Այս տարուայ ամրան նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնը 6  օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նպատակով թրքական պատուիրակութիւն մը մեկնած է Մոսկուա, ուր ձեռնարկած է հանդիպումներու։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

​Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ ամսուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Իրան։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս նոր շրջան:
Մարսէյլէն Ռոպէր Ազիլազեան նորընտիր Թեմական խորհուրդի ատենապետ ընտրուեցաւ:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի քաղաքական վերջին շփումները։ «Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական գործառոյթները։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր երկիրը պէտք է ունենայ ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորութիւն»:
Դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը Քէօլնի երէկուան շփումներէն վերջ անցաւ Պերլին:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անգլիատառ պարբերաթերթի՝ «AGBU Insider»ի՝ դեկտեմբեր 2018-ի յաւելուածէն քաղելով կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները.

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ԱՔ կուսակցութիւնը ներկայացուց իր որդեգրած նպատակները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը ձգտի նոր որակ մը տալ երկրի քաղաքներուն եւ մասնաւոր համակարգով մը հետեւիլ քաղաքապետութիւններուն:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։

Էջեր