Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մասին առկայ ուշադրութիւնը հասաւ նուազագոյն մակարդակի։ Խօսքն անշուշտ այս 2019 տարուան մասին է, յատկապէս որ անցեալ 2018 տարուան ընթացքին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ փորձ կատարուեցաւ Սուրիոյ տագնապը տանիլ քաղաքական բեմահարթակ եւ ամէն գնով փորձել ընդդիմութիւնն (կամ ինչ որ դեռ մնացած էր, որպէս չափաւոր կամ ընդունելի ընդդիմութիւն) ու իշխանութիւնը դէմ-դիմաց նստեցնելով փորձել հարցերը բարձրաձայն կերպով քննարկել եւ անցնիլ առաջարկութիւններ լսելու կարեւոր փուլին։
Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր՝ «Ա. Սէ. Միլան» եւ «Ինթեր Միլան», ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՚արժէ 1.2 միլիառ եւրօ: Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տիրան Պոստան եւ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ միջազգային փառատօնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունելութիւնով մը պատուեց արուեստագէտները:
Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերը երէկ սկսան հասնիլ Թուրքիա։ Այս հրթիռային համակարգերուն յանձնումը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ աշխարհի մէջ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու մեր համակրելի բարեկամ Երուանդ Զօրեանը, որ այս շաբաթավերջին իր մասնագիտական աշխատանքին վերաբերեալ համաժողովի մը մէջ դասախօսելու նպատակով կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Երուանդ Զօրեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ժրաջան անդամներէն մին է։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն կը տեղեկացնեն.-՛
Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 11 յուլիս, հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Ալճան աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը եւ համալսարանէն վկայուած՝ որպէս ատամնաբոյժ։
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը, որ արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ Այսպէս, «Արփի» թատերախումբը Կազդուրման կայանի երդիքին տակ կրկնեց անցեալ եղանակին բեմադրած խաղը՝ «Թուլիկը»։
Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման սեմին լուրջ իրադարձութիւն՝ պատրիարքական ընտրութեան տեսակէտէ:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Իրեն կ՚ընկերանար Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՛չ մէկ մշակ, որչափ ալ հնարամիտ եւ փորձառու ըլլայ կամ աշխատասէր, ժրաջան, կրնայ հունձք արտադրել, եթէ դաշտը խոպան է եւ հողը ամուլ։ Արդարեւ, լաւ պտուղ ձեռք ձգելու համար որքան կարեւոր է որակաւոր հունտը կամ սերմը, նո՛յնքան անհրաժեշտ է հողը, դաշտը՝ որ պէտք է ըլլայ բերրի, արգասաբե՛ր։
Ժ. Չ.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ մամուլի համայկական համաժողովը Անթիլիասի մէջ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն համախմբեց զանազան քաղաքական հոսանքներու պատկանող մամուլի շուրջ հարիւր գործիչներ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի տարեկից է Լեւոն Շանթ, անոր կեանքի ճանապարհները յաճախ զինք բերած-դրած են այդ երկու հանճարներուն ու ժամանակակից այլ մեծերու հետ սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, եղած է մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ կեանքերն ու միտքերը կամրջող-մարմնաւորողներէն, որովհետեւ կեանքը հաւասարապէս բաժնուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ, դարձած է յետեղեռնեան սփիւռքը հունաւորողներէն, սակայն անոր անունը առաւելաբար կապուած է հայկական թատրոնի, վէպի եւ մանկավարժութեան հետ, ինքզինք կերտած ու դրսեւորած է իբրեւ փիլիսոփայ, իր գրականութիւնն ու կենցաղն ալ եղած են ցոլացումը իր փիլիսոփայի նկարագիրին ու խորաթափանց մտածողութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հայ մամուլին նուիրուած հանդիպում-ժողովը կարեւոր առիթ մը կը դառնար զննող հայեացք մը նետել այսօրուան, մանաւանդ, գրաւոր մամուլի պարզած ընդհանուր իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ վաղուան մարտահրաւէրներուն մասին։
Կոմիտասի 150-ամեակին եւ Մանսուրեանի 80-ամեակին առթիւ բացառիկ երեկոյթ մը։
«Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը ելոյթ մը ունեցաւ Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք: Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք: Առաւօտ շատ կանուխ էր:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ես չեմ հաւատար, ո՞ւր կը տանիս զիս:
Ըսաւ Հայկան ընկերուհիին, սակայն հետաքրքրութիւն մը կ՚աճէր ներսը. կ՚ուզէր երթալ, տեսնել, լսածներուն իրական կամ երեւակայական ըլլալը դատել...:
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու միշտ գիտական աշխարհի օրակարգին վրայ կը մնայ իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով։ Ան 1993 թուականէն ի վեր ակադեմական գործունէութիւնը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն՝ Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառին (MIT) մէջ։