ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ԱՐԳԱՍԻՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կորուստը, մարդկային կեանքին մէջ միշտ ցաւ կը պատճառէ։
Ինչ որ ալ ըլլայ կորսուածը՝ որեւէ առարկայ կամ ապրող էակ, հոգ կը պատճառէ մարդուն եւ կ՚ուզէ ժամ առաջ գտնել կորսուածը եւ վերստին տիրանալ անոր։ Բնական զգացում մըն է այս, եւ աստիճանաբար կը տեսնուի ամէն մարդու մէջ։ Կորուստը իրապէս ցա՛ւ կը պատճառէ։