ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կափառնաումի ժողովուրդին «իշխան»ը, այսինքն ժողովարանին հոգաբարձուներէն մին՝ Յայրոս տասնուերկու տարեկան աղջիկ մը ունէր՝ որ ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր։
Յայրոս երբ լսեց որ Յիսուս կու գայ, դիմաւորեց զայն եւ աղաչեց որ գայ եւ բժշկէ աղջիկը։