ՓՆՏՌԵԼ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կատարեալ գոհունակութեան, կատարելութեան համար երեք հիմնական պայմաններ են՝ փնտռել, գտնել եւ պահե՛լ։ Ուստի մարդկային կեանքի ամէն մարզերու մէջ անհրաժեշտ են այս երեք հիմնական պայմանները։