ԱՇԽԱՐՀԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըսինք, որ «աշխարհասիրութիւն»ը կը հրապուրէ մանաւանդ երիտասարդները՝ քանի որ անոնք տակաւին չեն ծանօթացած «կեանք»ին՝ իր զանազան երեսակներով։ Անոնք կը ճանչնան միա՛յն իրենց տեսածը եւ կ՚ապրին «ապագայ» կոչուած գրաւիչ եւ նո՛յնքան խաբուսիկ երազային եւ երեւակայական շրջանակի մը մէջ։