ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԲԽԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ Հայաստանի մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնը կը սպասէ Կոռնիձորի մէջ, քաղաքական համայնապատկերին վրայ կը յայտնուին նոր տարրեր:
2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ բանալ խաղ մը: Ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու լուռ հաւանութեամբ սկսած այս նախաձեռնութիւնը դուռ կը բանայ այն մեկնաբանութեան, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չկարողանայ ապահովել այն ամէն ինչը, որուն կը ձգտէր Արցախը պաշարման ենթարկելով: