ՄԱՏԱՆԻՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երիտասարդը կը պրպտէ տան գզրոցները, պրպտումներուն միջոցին ամէն ինչ դուրս կը թափէ, ներքնազգեստներ, հագուելիքներ, թուղթեր կը լեցուին սենեակին ամէն կողմը: Խառնաշփոթ վիճակ մը ունի ան: Ի՞նչ է փնտռածը արդեօք: Ձեռքին մէջ դրամապանակներ կան, մէկիկ-մէկիկ կը զննէ զանոնք, կը շրջէ ու կը թօթուէ, թերեւս կոպեկ մը իյնայ, յոյսի նշոյլի մը պէս լուսաւորէ զինք: Սակայն ի զուր, դրամապանակներուն մէջ ոչ կոպեկներ կան, ոչ ալ թղթադրամներ: