ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ
ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան կարեւորեցին հայ ժողովուրդի ապագայի կերտումը:
ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան կարեւորեցին հայ ժողովուրդի ապագայի կերտումը:
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի. «Մենք կ՚ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան լաւագոյն ընտրութիւնները»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, երկրի մշակոյթն ու արժէքները այս կառոյցէն ներս լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցան երկրի կարգ մը դեսպանները։ Այսպէս, Էտկար Ղազարեան ետ կանչուեցաւ Լեհաստանի դեսպանի պաշտօնէն։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ վերջերս տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն։
Հայաստանի 2019 թուականի պետական պիւտճէն ներկայիս կը քննարկուի Ազգային ժողովէն ներս։ Նախընթաց օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունենալով ներկայացուց պիւտճէի նախագիծը եւ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։
«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս սգահանդէս՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:
Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց անմոռանալի ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեանի հոգեհանգստեան կարգին:
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ խմորումներ. Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Ռաշիտ Մերետովի հետ՝ քննարկելով ուժանիւթի անվտանգութեան հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ պատմական Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղութեամբ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ
կը վիճակին Անգարայի, Պաքուի եւ Աշխապատի: Կասպից ծովու յատակէն նոր խողովակաշարներ կառուցելու ծրագրերը արդէն օրակարգի վրայ:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու գործադրութեան շուրջ ստեղծուած զարգացումներուն։ «Կը կատարուին համապատասխան գնահատականներ, որոնց հիման վրայ պիտի առնուին համապատասխան քայլեր։
Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։