ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
Փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան. «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ժամանակի մէջ չէ կորսնցուցած իր դիմագիծը»։
«Մամուլն ու նամականիշները՝ հետաքրքրական նմանութեամբ կը շրջանառուին ամբողջ աշխարհի վրայ»։
Փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան. «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ժամանակի մէջ չէ կորսնցուցած իր դիմագիծը»։
«Մամուլն ու նամականիշները՝ հետաքրքրական նմանութեամբ կը շրջանառուին ամբողջ աշխարհի վրայ»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ բանակցութիւնները կը շարունակուին պարբերաբար:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամէտեարով վաղը պիտի տեսակցին Միլանոյի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
Մայր Աթոռի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց յատկանշական աշխատանք մը:
Հոգելոյս Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի այս ժողովածոն կը ներկայացնէ՝ հայութեան ապագայի տեսլականը:
Խրիմի Սիմֆերոփոլ քաղաքի օդակայանը կրնայ անուանուիլ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի անունով։ Ներկայիս, ընկերային ցանցերու վրայ սկսած է հարցախոյզ մը՝ ճշդելու համար, թէ որո՞ւ անունով պիտի կոչուի Սիմֆերոփոլի օդակայանը։
Հռոմի ամենայատկանշական վայրերէն մէկուն՝ Պորկեզի այգիին մէջ պիտի տեղադրուի մեծանուն գրող, «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի արձանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի փոխ նախարար Տիգրան Գալստեան երէկ այս մասին բացատրութիւններ տուաւ՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։
«Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին համար կազմակերպուած հերթական շնորհանդէսը:
Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած գործը ներկայացուեցաւ «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ:
Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի թիւ 71 պետական վարժարանէն ներս թրքերէնը դարձաւ ընտրովի առարկայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թիֆլիզի «Եունուս Էմրէ» կաճառի ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։
Էրտողան եւ Թրամփ երկրորդ անգամ զրուցեցին «G20»ի Պուէնոս Այրէսի գագաթաժողովի ծիրէն ներս:
Նախագահները շօշափեցին Մենպիչի՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործման հարցերը:
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու գործակցութեան նոր հեռանկարներ:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան վերջին ամիսներուն բազմակողմանի աշխատանք կը տանի Վատիկանի մէջ: