ՕՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուայի մէջ կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Քրեմլին կ՚ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ապահովելու համար»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Նոր տարուան առաջին օրերուն կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Պաղտատ։ Իր հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ։ Նախապէս չէր յայտարարուած այս այցելութեան մասին։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Սպանիա, ուր ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ տեղւոյն հայութեան կողմէ։ Սպանիոյ մէջ հայութեան հետքերը կը հասնին մինչեւ 16-րդ դար։
Պատրիարքական Աթոռը Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ ուրախակից՝ քաղաքիս քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռակամ մնալ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինն չէզոքացնելու ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։
Ամանորի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այցելեց Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Հոլիվուտի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին Սայաթ Նովայի մասին ժապաւէն մը արտադրելու ուղղութեամբ: