ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԲԱՆԲԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր նշանակուեցաւ Վլատիմիր Կարապետեան։ Քանի մը օրէ ի վեր Երեւանի աղբիւրները հաղորդումներ կը կատարէին այս մասին ու վերջապէս Վլատիմիր Կարապետեան այս առաւօտեան ժամերուն յստակօրէն հաստատեց վերոյիշեալ հաղորդումները։
Հայկական զինեալ ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։ Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի դէպի Երեւան այցելութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու բացման Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը բարձր գնահատեց կրթական ոլորտին ներդրուած հետեւողական ջանքերը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովի հիման վրայ գործի կը լծուի նորընտիր պիւրոն:
Ֆրանսահայ մեծանուն երաժիշտը 87 տարեկան հասակին մահացաւ՝ խոր ցաւ ստեղծելով հայաշխարհէ ներս:
«Եթէ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի մասին խոստումները չյարգուին, ապա մենք պիտի ձեւաւորենք զայն»:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ստանձնեց ԵԱՏՄ-ի շրջանային նախագահի առաքելութիւնը: