Լրահոս

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆ

Փեքին-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն՝ միջազգային թատերաբեմի ուժերու վերադասաւորման պայմաններուն ներքեւ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին երէկ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԹՐԱՄՓ ՄԷՋԲԵՐԵՑ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։

Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄԸ ՄԱՍԱՄԲ ՎԵՐՑՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։

ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը եւ անով նախատեսուած՝ Սիւնիքի մարզէն անցնելիք TRIPP ուղին արդէն Թեհրանի պարագային յարուցած է հարցականներ։

ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ալասքայի հանդիպման լոյսին տակ այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծաւալուն արժեւորում մը:
Թրամփ Փութինի հետ տեսակցելէ անմիջապէս վերջ կը հիւրընկալէ Զելենսքին՝ եւրոպացի ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

Էջեր