Լրահոս

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ենթարկուեցաւ վիրահատութեան մը։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ։

ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ԱՅՑ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յետաձգեց ներկայ շաբթուան տեւողութեան նախատեսուած դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութիւնը, որու շրջանակներէն ներս պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ արդիւնաւէտ, ծաւալուն եւ անկեղծ զրոյց մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ։

ՄԱՀ՝ ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ՌԱԴԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։ 89 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, որ մասնագիտութեամբ աստղաֆիզիքոս էր։

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Հարպիյէյի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի դահլիճի երդիքին տակ Շահան Արծրունի հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԱԷՍԹՐՕ ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երաժիշտ, խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան աւանդոյթներու եւ ընդհանրապէս դպրոցի յարատեւութեան ճանապարհին։

Էջեր