ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՞ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ, ԹԷ ՈՉ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՐԱՉԱՐ ԿԸ ՍԽԱԼԻ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի է, չէ՞ որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի վերլուծական դաշտին մէջ տակաւին չէ ըմբռնուած, թէ որքան ամուր թելերով Հայաստանի իշխանութիւնները կապուած են Ռուսաստանի հետ։ Այս երեւոյթը, խորքին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու փրկութեան թիւ մէկ խաղաքարտն է, ատեն-ատեն կ՚երերայ, կը տարափոխուի, պատկեր եւ շունչ կը փոխէ, սակայն, երբ հասնի գոյութենական ժամը, ապա երեւելի կը դառնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որո՛ւ մարդն է։
Քըլըչ եւ Կալուզին տարածաշրջանի վիճակը արժեւորեցին՝ «3+3» ձեւաչափի տրամաբանութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր անվտանգութեան երաշխաւորը կա՛մ մենք ենք եւ կամ չկայ երաշխաւոր»:
1954 թուականին «Կոմիտաս» քառեակը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ մէջ։ Քառեակի ելոյթները բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, անոնց մասին տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան «Daily Mail», «Daily Telegraph», «Times», «News Chronicle» եւ բազմաթիւ այլ թերթերու մէջ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատուրեանի վերջին ձայնասկաւառակը արժանացաւ գերմանացի քննադատներու կողմէ շնորհուած յատուկ մրցանակի մը, որ առանձնապէս կը տրուի միայն լաւագոյն ձայնագրութիւններուն։
Թրքախօս պետութիւնները հետզհետէ կը հասունցնեն հասարակաց այբուբեն մը իւրացնելու աշխատանքը։ Վերջին երեք օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Միջազգային թրքական ակադեմիայի եւ Թրքական լեզուի հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած պատկան յանձնաժողովի երրորդ նիստը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Երեւանեան երկխօսութեան» ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Պաքուի բողոքին:
Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը՝ Գահիրէի մէջ:
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան ուղղեալ եռակողմանի յուշագիր մը։ Այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ իրենց 11-րդ հանդիպումը ունեցան։