ԼՈՆՏՈՆ-ԹԵՀՐԱՆ ՇՓՈՒՄ
Մերձաւոր Արեւելքի լարուած համայնապատկերին վրայ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի միջեւ։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի վերջին հարցազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Ան յայտնեց, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան համար անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։
Անցեալ տարուան օգոստոսի սկիզբին բաղդատմամբ՝ այս տարի 17 սմ. աւելի բարձր է ջուրի մակարդակը:
Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մասնակցութեամբ կը ծրագրուի կազմակերպել հանդիպում մը՝ առեւտրային երթուղիներու գործարկման վերաբերեալ։ «Սփութնիք Արմենիա»ն լոժիստիք ընկերութիւններէ սեփական աղբիւրներու հիման վրայ այս մասին ըրած է հաղորդումներ, որոնց արձագանգած է նաեւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։
Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան այսօրուան եզրափակչին կը յաւակնի դարձեալ ոսկէ մետայլ նուաճելու:
Ռուսաստան կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացին:
«DefenseNews» պարբերականը հրապարակեց՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան աշխարհի մեծագոյն հարիւր ընկերութիւններուն ցուցակը։ Այս տարի սոյն ցանկին վրայ Թուրքիայէն հինգ ընկերութիւն տեղ գտած է։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վիճակ մը կը ստանայ։ Իրանի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ռուսաստանի հետ անմիջական շփումները կ՚ընթանան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հայաստան-սփիւռք 11-րդ համահայկական կրթական համաժողովը կ՚ընթանայ Աղուերանի մէջ: