ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ
Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդին երկրորդ նիստը արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարա բնական կազի համար ամենաբարձր սակագինը կը վճարէ Թեհրանին:
Հասան Ռուհանի թրքական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւլէական ուժանիւթի հարցին շուրջ ընծայուած զօրակցութեան համար:



Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Թեհրանի մէջ։

