ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԻՆ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ 2015-ի տարելիցին շրջագծով կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքը երէկ երեկոյեան հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ այս ձեռնարկին ներկայ էին Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Փրոֆ. Պիւլենտ Պիլմէզ, ինչպէս նաեւ այս զրոյցներու շարքի ծրագիրը համակարգած երկու անունները՝ Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան եւ Էօմէր Թուրան։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարճատեւ շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Փլաթինի յատուկ թռիչքով մը Երեւան մեկնեցաւ իր այս անպաշտօն այցելութեան համար։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։
Հայաստան կը ջանայ նոր ուղղութիւն մը տալ Եւրոմիութեան հետ իր համագործակցութեան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն դէմ գործուած սահմռկեցուցիչ ոճրագործութեան քննութեան ընթացքին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դատախազը յայտնեց, թէ հայ եւ ռուս իրաւապահները աշխուժօրէն կ՚աշխատին, որպէսզի Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպանութեան հետեւանքով յառաջացած իրավիճակին մէջ գտնեն տարբերակ մը, որ համահունչ պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն։
Երէկ, Երեւանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ սփիւռքահայ մտաւորական, գրականագէտ ու հրապարակագիր Երուանդ Ազատեանի։ Հայաստանի Գրողներու տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Ազատեանի ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր շփումները ունին անպաշտօն բնոյթ։ Երեւանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։