Լրահոս
ՀԱՄԱՏԵՂ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
ՕՀԱՆԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵՑՈՒՑ, ԹԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀՍԿԵՆ ՍԱՀՄԱՆԸ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ սահմանի վրայ լարուածութիւն ստեղծելու միջոցաւ Ատրպէյճան կը փորձէ լուծել քանի մը խնդիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
ՉԻՉԷՔ CSIS-Ի ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) երդիքին տակ։
ՀԲԸՄ-ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղին համար պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նշանակուած վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած է Մարտի 1-ի դրութեամբ։
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ թեքնիկ աջակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրի մը նախագիծը պատրաստուած է՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։
ԴԵՐԱՍԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
Երեւանի եւ Փեքինի քաղաքական իրերանման մօտեցումները կը խրախուսեն նաեւ առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը:
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ… ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ
Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»: