Յայտնի Երգչուհի եւ Դերասանուհի Շեր նշեց Իր Ծննդեան 70-ամեակը
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի ու միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ-ի Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն:
ԱՔ կուսակցութիւնը շաբաթավերջի արտահերթ համագումարի արդիւնքին ընտրեց իր նոր ղեկավարը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու համար պաշտօնի կոչեց նորընտիր կուսակցապետը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամէն բան սկիզբ կ՚առնէր, երբ բրիտանական The Independant պարբերականը կը գրէր, թէ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճիւլիանի սէուտցի իշխանէ մը 10 միլիոն ամերիկեան տոլար ստանալու խոստում մը ստացած էր: Սէուտցի իշխանը, որուն անունը ցարդ կը մնայ անյայտ, Ճիւլիանիէն կը պահանջէր կարեւոր ճնշումներ իրագործել 2001 թուականին Նիւ Եորքի Twin Tower-ի յարձակման հետ սէուտցի ահաբեկիչներու առընչութեան մասին բոլոր տեղեկութիւնները թաքցնելու համար:
Իսթանպուլի մէջ այսօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կ՚եզրափակուի վաղը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համատեղ տանտիրութեամբ կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որ աշխարհի 60 երկիրներէ ղեկավարներ համախմբած է Իսթանպուլի մէջ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը շարունակեն տուժել նաեւ երկրի հայ համայնքի անդամները։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, որ Գամիշլիի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է ահաբեկչական պայթում մը, որու հետեւանքով վիրաւորուած է հայ մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոպական Միութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ, Մովսէս Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխ-նախարար։
Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ առեւտուրի նոր կեդրոնի մը, որ կը կոչուի «Տաշիր Սթրիթ»։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 12 հազար քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերես ունի այս համալիրը, որ կառուցուած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին կողմէ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արուեստ էքսփօ-2016» միջազգային ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս ցուցահանդէսը ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։