ԳԱԳԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին, որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։
Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ թագաւորը ժողովուրդին հետ մասնակցեցաւ հանրահաւաքի մը:
Think tank-ի կառոյց մը՝ ռազմավարական եւ գիտակրթական աշխատանքներու իրագործման համար:
Հայկական խեցեգործ իրերու արտադրութեան 100-ամեակին առիթով, Երուսաղէմի մէջ բացուած է խեցեգործութեան դպրոց, որ դարձած է քաղաքի մշակոյթի անբաժան մասը:
Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, 2017-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին, կազմած է 622.381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նոր հանդիպում մը:
Աշխարհի զանազան երկիրներէն հարիւրաւոր երիտասարդներ համախմբուեցան Լիբանանի մէջ:
Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան, ծանրորդ Գոռ Մինասեան դարձաւ Համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, այսօր, տեղի կ՚ունենայ «Օրօրներ» կրթական ծրագրի եօթներորդ հանդիպումը՝ որու ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հայ աւանդական օրօրոցայիններուն, այնուհետեւ կը սորվին քանի մը երգ։
Հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասան Ճոն Մալքովիչ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: