ՋՂԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ է:
Արմէն Ճիկարխանեան վերջին օրերուն լարուածութիւններ ապրած է՝ կնոջ եւ անմիջական գործակիցներուն հետ:
Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ է:
Արմէն Ճիկարխանեան վերջին օրերուն լարուածութիւններ ապրած է՝ կնոջ եւ անմիջական գործակիցներուն հետ:
«Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է»:
Ռազմիկ Փանոսեան. «Երիտասարդին պէտք է առիթը տալ հայերէնով ապրելու։ Ձեւով մը լեզուն կեթթոյի վերածած ենք, այսինքն՝ հայերէնով Հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու կը սորվեցնենք առանց աշխարհի հետ հայերէնով առընչուելու»:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուեցաւ Ռուբէն Նաճարեանի մատիտանկար աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որու մէջ ընդգրկուած են արուեստագէտին 1990-2015 թուականներու ընթացքին ստեղծագործած աշխատանքները։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ազգային տօներուն նուիրուած Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Գրասէրներուն բազում անակնկալներ խոստացող «Գիրքի գիշեր-2017»ի շրջանակին մէջ «Պուքինիստ» գրախանութի բոլոր գիրքերը ընթերցասէրները կրնան գնել 30 տոկոս զեղչով։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը խրախուսէ քացախի արտադրութեան ներդրումային ծրագրին եւ երեք տարի ժամկէտով կը նախատեսէ յետաձգել «ԱՆԴ» ՍՊԸ-ի կողմէ ապրանքներու ներմուծման աւելցած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի պատրաստութիւնով եւ Վաչէ Ղազարեանի յառաջաբանով:
Արեւմտահայ դասականներէն Վահան Թէքէեանի հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական եւ յուշագրական յօդուածներու հարուստ ժողովածոն լոյս տեսաւ՝ մեկենասութեամբ Նշան Քարայի:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի տեսակցին Ժընեւի մէջ:
«Հաւատարիմ ըլլալով բանակցային գործընթացին՝ Երեւան հանդիպման պիտի մասնակցի, հակառակ Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւններուն»:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Իտլիպ քաղաքը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակը քաղաքէն ներս սկսած է ստեղծել վերահսկման կէտեր։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի մինչեւ տարեվերջ այցելել Թեհրան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութինի դիւանագիտական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Թեհրանի մէջ նախատեսուած է եռակողմանի ձեւաչափով գագաթաժողով մը։