ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։

Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օր-ուան տեւողութեան Փութին կը տեսակցի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Ղարաբաղեան հարցին շուրջ Էրտողան կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։
Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Նոյեմբերի 15-23 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր։
Հայաստանի մէջ կը նորոգուի Արտաւազիկ եկեղեցին, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Ան կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։ Այստեղ վերականգնման աշխատանքներ առաջին անգամ կ՚իրականացուին։
29 Հոկտեմբերի առթիւ Հանրապետութեան նախագահին տանտիրութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած շքեղ երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էր՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ մեր համայնքին կողմէ շնորհաւորեց Էրտողանը: