ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան երէկ երեկոյեան ժամանեց Երեւան, ուր կ՚ունենայ երկօրեայ շփումներ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ երեկոյեան Լըմուան տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական վարչական համալիրէն ներս դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ խորապէս մտահոգուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ լարուածութենէն։ Իր խօսքերով՝ աշխարհ կ՚ընթանայ դէպի Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին նման կացութեան մը։
Հասան Ռուհանի եւ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարուած:
Սուրբ Զատկի տաղաւարին ընդառաջ Պատրիարքական Աթոռը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ միասնականութեան ու զօրակցութեան հրաւիրելով մեր ժողովուրդը:
Մեր հաստատութիւններու յարգարժան ղեկավարներ եւ մերազն համայնքի սիրեցեալ անդամներ,
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովը տեւեց մօտաւորապէս չորսուկէս ժամ:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի ծայրայեղական, թշնամական եւ ապակառուցողական դիրքորոշումն է։