ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր Լեհաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պերլին, ուր փոխանակուեցան պատգամներ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարգ մը համաձայնութիւններու հասան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան վերջին օրերուն այցելեց Պէյրութ։ Այս ծիրէն ներս Զեքիեան Գերապայծառ Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան՝ մինչեւ տարեվերջ դարձեալ հանդիպում մը ունենալու համար:
Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ են ուրախառիթ լսումներ, ըստ որոնց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետական իշխանութիւններէն ստացած է՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հատուցման գումարները։ Հարկ է նշել, որ Վոսփորի կամուրջի շինարարութեան շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքին պատկանող տարածք մը օգտագործուած էր ճանապարհաշինութեան համար։
Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։