ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐՔԱՅԱԶՆ ՉԱՐԼԶԻ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նա-խագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան վերջերս Լոնտոնի մէջ մասնակցեցան արքայազն Չարլզի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքոյթին։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։
Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 95 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։


27 հոկտեմբեր 1999 թուականին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական զոհերը շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի խորհրդարանի պարտէզէն ներս՝ զոհերուն ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։