ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն:
Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն:
Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ուրախառիթ էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ առաւօտ տեղի ունեցած արարողութիւնները։ Այսպէս, հաւատացեալ ժողովուրդը ողջունեց Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցուիլը, ինչ որ հոգեւոր վառ ապրումներու առիթ հանդիսացաւ։
Այս առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարէն ներս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց անուան տօնախմբութեան։
Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ, Ամանորի ու 2021 տարուան Ս. Ծնունդի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները այս տարի տեղի ունեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր ուրախութիւնը որոշ չափով զգալի էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր պատարագեց Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան:
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ներկայ տօնական շրջանին «Փոքրիկ» կայքէջը նոր թափ տուած է իր թողարկումներուն՝ ուղղեալ նորահաս սերունդին։ Մանկապատանեկան ընթերցումները խրախուսելու հետամուտ այս կայքէջը տօնական շրջանի համար՝ որպէս նուէր վերապահած է նոր նախագծեր։
Կը տեղեկանանք, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է հրատարակութեան ծրագիր մը կեանքի կոչել՝ ի յիշատակ իր նախկին ատենապետին՝ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի։ Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ ամիսներուն Յարութիւն Շանլը զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Ամանորի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը պատանի ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու արժէքաւոր գիրք՝ մին հայերէն, իսկ միւսը թրքերէն։
«Մեծ տղաքը կու լան» կը կոչուի գիրքը, որու հեղինակն է Ճոնթի Հոուլի՝ միեւնոյն ժամանակ կատարած ըլլալով նկարազարդումը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալուեցան խումբ մը ռուս լրագրողներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սերկէյ Ակափով, Կլեպ Լաւրով եւ Վերա Քորոթեւա, որոնք վաւերագրական նիւթ մը կը պատրաստեն թրքահայութեան մասին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հոգելոյս դերասան, հրապարակագիր ու հրատարակիչ Յակոբ Այվազի յուշերը։ «Sahne Arkadaşlarım: Tiyatro Tarihimizden Simalar» խորագրեալ այս գիրքը կ՚ընդգրկէ Յակոբ Այվազի կողմէ հայերէնով գրի առնուած յուշեր, որոնք թրքերէնի թարգմանուած են «Արաս»ի ընտանիքի սիւներէն Փայլինէ Թովմասեանի կողմէ։