ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Փոքրիկն Վանենի Տէյիրմենճեան մկրտուած 19 ապրիլ 2021 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի կնքահայրութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեանի։
Փոքրիկն Վանենի Տէյիրմենճեան մկրտուած 19 ապրիլ 2021 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի կնքահայրութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեանի։
Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ վերջերս Երեւանի մէջ այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակը։ Տեսուչ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ համակրելի արուեստագիտուհին, որ հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, մեր համայնքի ընդհանուր ապրելակերպին, հայկական մշակոյթի հետ կապին, ընդհանուր գործունէութեան մասին։
Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Ան պոլսահայ մամուլին տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած խնամակալութեան առընթեր, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը եւ Գալֆայեան Տան խնամակալութիւնը համատեղ որոշում ընդունած են՝ պատկան իշխանութիւններուն մօտ դիմում կատարելու համար ընտրութեան ձեռնարկելու պահանջով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆայեան Տան սաներէն Արաս Էօզքայա փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ վերջերս կազմակերպուած Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտախաղերու առաջնութեան եզրափակիչ փուլին։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «TÜBİTAK»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի մէջ լոյս տեսած է՝ Օսմանեան շրջանի Պալեան արքունի ճարտարապետներու գերդաստանի վերաբերեալ շահեկան գիրք մը, որու հեղինակն է բարերար ու սփիւռքահայ հասարակական գործիչ Հրաչ Քըրմըզըեան։ «Վերոն» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայւած է այս գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Arrivé d'ailleurs: Le destin d'une vie»։
Պատմաբան ու գրող Ֆըրաթ Կիւլլիւ վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Adı Olmayan Adam»։ «Տելիտոլու» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է այս վէպը, որու կարգախօսն է՝ «Tarih Sahnesinin Oyunbozanları»։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը, որուն կ՚ընկերանար ասորի պատրիարքական փոխանորդարանի դիւանապետ Մելֆոնօ Զեքի Տեմիր սարկաւագը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նաիրա Ալթունքեսէր գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրած է իր բարձրագոյն ուսման սկսելուն ընդառաջ։ Ան նոյնաժամանակ ընդունուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէկէ աւելի ամենահեղինակաւոր համալսարանները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմը եւ անդամուհիներէն Պերրին Տայանը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուած է, եկեղեցիներու առաջնորդներն ալ այս շրջանին կը թարմացնեն իրենց եղբայրական յարաբերութիւնները։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ը։