ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆԸ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Չկայ անձ մը, որ տարուան վերջին օրուան եւ յատկապէս՝ վերջին ժամերուն ընթացքին տարբերութեան շունչով մը չթարմանայ։ Թէեւ տարուան սովորական օրերէն եւ գիշերներէն մին է Ամանորը, որ իր խաւարին մէջ կը պահէ առաւօտեան արշալոյսն ու արեւածագի ջերմութիւնը։