Ընկերա-մշակութային

ԱՆՊԻՏԱՆ ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն երեկոյ, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, պարոն Հայկ մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու իր սենեակէն ներս առանձնանալով, սեղանին դիմաց գտնուող աթոռին վրայ կը հանգչէր, ապա քանի մը վայրկեան ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ արձանգրել օրուան իր մտածումներն ու տպաւորիչ յուշերը:

ՀԱՅ ՁԵՌԱԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼԻ ՄԱՍԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Մայր ձեռագրացուցակին հեղինակը՝ հայ ձեռագրագէտ, բանասէր Նորայր Գարեգինի Պողարեան, ծնած է 1904 թուականին, Հալէպ գաւառի Այնթապ քաղաքը (Օսմանեան կայսրութիւն): 1950 թուականէն մինչեւ 1992 թուականը, ան տեսուչը ըլլալով այդ պատմական ու հարուստ ձեռագրատան՝ անփոխարինելի ներդրում ունեցաւ հայ ձեռագրագիտութեան մէջ:

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհի համը՝ սէրը, բարին ու գեղեցիկն է, որոնք կաթիլ առ կաթիլ պակսելու սկսած են մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր: Իւրաքանչիւրս ունի կարիք սիրոյ ու բարութեան, իսկ գեղեցիկը նախընտրելի ու ցանկալի է բոլորիս կողմէ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ - Ի Յուշ՝ հիմնադիրներ փրոֆ. Յակոբ Մանանդեանին եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Անոնք այդ անկոչ «չափորոշիչներով» չզբաղեցան, այլ իրական արժէքներով։ Հայրենիքի մեր նոր սերունդին կը մնայ արժէքը գիտնալ այդ աշխատանքին ու գործքով ցոյց տալ անոնց աւանդին յարատեւ պահպանումին՝ հետեւելով Ոսկեդարեան ուղիին ու Պետական համալսարանի սկզբնական ոգիին։

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ, յուլիս 4-ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ գիտաժողով մը, որ կարեւոր ու հետաքրքրական օրակարգ մը կ՚ընդգրկէր՝ «Ծոցի արաբական երկիրներն ու հայ համայնքները. Արդի միտումներ եւ հիմնախնդիրներ» խորագիրն ունենալով:

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԱՌԱԿՆԵՐ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Հայր ու որդի երկուքով կը նստին աւանակի մը վրայ եւ կը շարժուին դէպի մօտակայ գիւղը: Տեսնողները, առաջին անգան կը քննադատեն ու կը վատաբանեն զանոնք՝ ըսելով, թէ անոնք չեն խնայեր կենդանին եւ երկուքով անասունի վրայ կը նստին:

ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ, ՄՏԵՐՄԻԿ ՅՈՒՇԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1945 թուականին Գէորգ Զ․ Չէօրեքճեանի յամառ ջանքերով կը վերաբացուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (որ առժամանակ փակուած էր 1917 թուականի վերջաւորութեան՝ քաղաքական ու ռազմական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով) եւ 1951 թուականին կու տայ առաջին ինն շրջանաւարտները։

«Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐԴԸ»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի շուրջ ութ միլիառ մարդ, անոնք կը խօսին աւելի քան եօթ հազար լեզուով եւ կ՚ապրին աշխարհի եօթ տարբեր մայրցամաքի վրայ։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այսքան մարդ ու հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեն անոնք։

Էջեր