Ի՞ՆՉ Է ՄԻՋԻՆՔԸ
Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։
Ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։
Բուն Բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ Փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր (նկատի ունենալով, որ եկեղեցական օրէնքով Աւագ շաբթուան օրերն ալ պահքի օրեր են), քառասունութ օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան մըն է, որուն երբեմն կ՚անգիտանանք, կարծելով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ըսենք, այդ Մած պահքը քառասուն օրեր են միայն, այսինքն Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը շաբաթավերջին կորսնցուց իր արժէքաւոր անդամներէն մին։ Այսպէս, ի Տէր հանգաւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն մին էր վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որու անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է խոր ցաւ։