Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բարձրաստիճան հոգեւորականները երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթադաստիարակչական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան արարողութիւններուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Առէն Վրդ. Շահինեան նշանակուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Հոլանտայի մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նոպէլեան մրցանակի արժանացած հինգ գիտնականները՝ Աարոն Չեխանովէր, Ատա Եոնաթ, Տէն Շեխտման, Էյ-Իչի Նեկիշի եւ Ճոն Ռոպին Ուորէնը, որոնք վերջին օրերուն Հայաստան այցելեցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Նոպէլեան օրեր» խորագրեալ գիտական ձեռնարկին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս կը շարունակուին վերջերս օրակարգի վրայ եկած մանկապղծութեան գայթակղեցուցիչ պնդումներուն վերաբերեալ ներքին քննութիւնները։ «News.am» կայքէջի հաղորդումներով, այս քննութիւնը կ՚երկարի, որովհետեւ նոր նիւթեր յայտնաբերուած են։
Հռոմէկան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստան պիտի այցելէ 24-26 Յունիս թուականներուն։ Այս այցելութիւնը կը կայանայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրաւէրով։
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերադարձաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութենէն։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կանոնադրութեան մշակման յանձնախումբի ժողովներուն, որոնք գումարուեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։