ՁԵԶ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՄԵԶ ԲԱՐԻ ԶԱՏԻԿ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Թերեւս պէտք է մտածել, որ սմարթ ֆօներու, այֆօններու, կէյմերու եւ ռօպլօքսներու այս աշխարհին մէջ այլեւս դժուար է հին, շա՜տ հին աւանդոյթները պահպանել, ապրեցնել, սերմանել ու յաջորդին փոխանցել։
Այդպէս է անկասկած, երբ դեռ մէկ-երկու տարեկան մանուկները այլեւս իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած գործիքի մը ընդմէջէն կը դիտեն աշխարհը ու կը շփուին անոր հետ։ Եթէ մեր ժամանակներուն այդ պատուհանը մեր մայրերուն պատմածներն էին, իրենց յուշերը, փայտիկներէ շինուած խաղալիքներն ու կարուած պուպրիկները, հիմա աս տեսարանները նոյնիսկ դժուար է երեւակայել մերօրեայ մանուկներուն համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ փրկութեան շնորհին արժանանալու համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան մօտ եւ Եւրոպայէ ներս Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան իր երկրի դեսպանն է Պերլինի մօտ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Էջմիածին։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը։ Հայոց ազգային ինքնութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին տեսակէտէ շատ կարեւոր ու յատկանշական տօն մըն է այս մէկը։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։