ՉՈՐՑԱԾ ՓԱՅՏԷՆ ՆՇԱՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տարւոյն վերջին տաղաւարն է այսօր. Խաչվերաց։ Խաչը, մեզի կը յիշեցնէ մահուան դէմ տարուած յաղթանակը։ Պատմութիւնը այնպէս կը զարգանայ, որ այս յիշատակութեան անբաժանելիօրէն կը միանայ նաեւ, Խաչը գերութենէն ազատագրելու համար նախանձախնդիր Քրիստոնեայ հասարակութեան մղած պայքարի մը յաղթանակը։
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, որ ներկայիս իր դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ այս շաբթուան երկրորդ կէսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է հետաքրքրական համաժողով մը։ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 9-10 սեպտեմբերին։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Վան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ գլխաւորուեցաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։