ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ե­րէկ, Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի 31-րդ նս­տաշր­ջա­նը։ Աշ­խա­րհի շուրջ վաթ­սուն եր­կիր­նե­րէն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան այս նստաշր­ջա­նին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան Ժը­նե­ւի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Զէիտ Ռաատ Էլ Հիւ­սէ­յի­նի հետ։ Նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին կանգ ա­ռաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վրայ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ը­սաւ.

«Այս տա­րի կը լրա­նայ Մար­դու ի­րա­ւանց ո­լոր­տէն ներս մի­ջազ­գա­յին դաշ­նագ­րե­րու ըն­դուն­ման յիս­նա­մեա­կը։ Զոյգ դաշ­նագ­րե­րու ա­ռա­ջին յօ­դուա­ծին մէջ նշուած է. «Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք։ Այդ ի­րա­ւուն­քին ու­ժով ա­նոնք ա­զա­տօ­րէն կ՚ո­րո­շեն ի­րենց քա­ղա­քա­կան կար­գա­վի­ճա­կը եւ կ՚ա­պա­հո­վեն ի­րենց տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցու­մը»։ Յայտ­նի է, որ ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը կը դի­տար­կէ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման սկզբուն­քը՝ որ­պէս այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տակ։ Այդ ի­րա­ւուն­քը նե­րառ­նուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն մէջ։ Հա­յաս­տան լիո­վին կը բաժ­նէ այդ մօ­տե­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ, ըստ էու­թեան, ա­ռանց այդ ի­րա­ւուն­քի ա­զատ եւ լիար­ժէք ի­րա­կա­նաց­ման, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­բողջ շարք մը կը դառ­նայ ան­հա­սա­նե­լի, իսկ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թիւ­նը վտան­գուած։ Մենք հա­մա­միտ ենք ՄԱԿ-ի մօտ ար­տա­յայ­տուած այն տե­սա­կէ­տին, թէ ինք­նո­րո­շու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դրսե­ւո­րումն է, իսկ ա­նոր ի­րա­կա­նա­ցու­մը էա­կան դեր կը խա­ղայ խա­ղա­ղու­թեան վրայ հիմ­նուած մի­ջազ­գա­յին կարգ հաս­տա­տե­լու գոր­ծին մէջ»։

Ուս­տի, Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ իր ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան ամ­րապնդ­ման, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ խթան­ման՝ շա­րու­նա­կե­լով հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու հետ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Բաց աս­տի, Ժը­նե­ւի մէջ Նալ­պան­տեան մատ­նան­շեց, որ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը փոխ­կա­պակ­ցուած են։ «Այ­սօր աշ­խարհ յայտ­նուած է ան­նա­խա­դէպ սպառ­նա­լիք­նե­րու առ­ջեւ։ Մենք կը բա­խինք ա­տե­լու­թեան, այ­լա­տեա­ցու­թեան եւ ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան ա­ճի, կը բա­խինք այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու, երբ լրջօ­րէն վտան­գուած է մար­դու կեան­քի ի­րա­ւուն­քը, ո­րով­հե­տեւ պա­տե­րազմ­նե­րը եւ զան­գուա­ծա­յին բռնու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ մարդ­կա­յին կեան­քեր խլել ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս առ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն՝ նա­խա­րա­րը մատ­նան­շեց. «Հա­յաս­տան կը դա­տա­պար­տէ իր ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնուող տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ, Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»), «Էլ Նուս­րա»ի եւ ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը, մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սպառ­նա­լիք կը ներ­կա­յաց­նեն տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու գո­յու­թեան հա­մար, նե­րա­ռեալ հա­յե­րը, ո­րոնք դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած են Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան բա­ղադ­րի­չը։ Հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով շուրջ 20 հա­զար փախս­տա­կան­ներ ա­պաս­տան գտած են Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ մեր եր­կի­րը դարձ­նե­լով բնակ­չու­թեան թի­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նող ա­մե­նա­մեծ եր­րորդ պե­տու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Մենք կ՚ող­ջու­նենք սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րը ըն­դու­նե­լու ու­ղի­նե­րուն շուրջ հա­մընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը բաժ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ բարձր մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը գու­մա­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ինչ որ Մարտ ամ­սուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ժը­նե­ւի մէջ»։

ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՄՏԱՀՈԳ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր ՄԱԿ-ի ամ­պիո­նէն անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ խօ­սե­լով մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց այն մի­ջա­դէ­պե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ, ո­րոնք տե­ղի կ՚ու­նե­նան հայ եւ ա­զէ­րի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ։ Ան ը­սաւ.

«Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին մէջ մենք մտա­հո­գուած ենք շփման գծին վրայ եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եր­կայն­քով մա­հա­ցու պա­տա­հար­նե­րու մեծ թի­ւին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ա­ւե­լի թափ ստա­նան մեր ջան­քե­րը։ Մենք պէտք է շու­տով գտնենք զո­հե­րու թի­ւը նուա­զեց­նե­լու ճա­նա­պար­հը։ Մենք պէտք չէ յու­սա­հա­տինք եւ հա­կա­մար­տու­թեան տե­ւա­կան կար­գա­ւո­րու­մը գտնենք՝ ու­ժի չկի­րառ­ման, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ»։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Շթայն­մա­յէր դէմ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին օգ­տա­գոր­ծուած սա­ռե­ցեալ կամ ձգձգուած պի­տա­կա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար։ Ան հա­մո­զուած է, որ պէտք չէ հե­տե­ւիլ այս­պի­սի ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տու­թեան։

«Եր­կար տա­րի­ներ այս հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը դժուա­րու­թիւն­ներ բե­րած են ա­նոնց­մէ տու­ժած մարդ­կանց ու պատ­ճառ դար­ձած են ա­նոնց ներգ­րա­ւուած տա­րած­քաշր­ջան­նե­րու յե­տըն­թա­ցին։ ԵԱՀԿ-ի մօտ մեր նա­խա­գա­հու­թեան ըն­թաց­քին կը փա­փա­քինք ա­մէն տե­սակ ջան­քը վե­րա­ծել ա­ւե­լի շի­նիչ մօ­տեց­ման՝ կա­յու­նաց­նե­լու հա­մար հրա­դա­դա­րի դրու­թիւն­նե­րը, վե­րա­կա­ռու­ցե­լով վստա­հու­թեան փոքր, բայց զգա­լի քայ­լեր», եզ­րա­կա­ցուց Շթայն­մա­յէր։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016